1992-ին Լիարժէքօրէն Ամրագրուած է ԼՂՀ-ի Ինքնորոշման Իրաւունքը ու ԱՊՀ Լիարժէք Անդամ Դառնալու Հնարավորութիւն Ընձեռուած է Անոր

Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան Արդարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Յակոբ Յակոբեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.

Նիկոլ Փաշինեանը, յիշատակելով Ալմա-Աթայի Հռչակագիրը, կը խօսի ՀՀ Գերագոյն խորհուրդին կողմէ Հռչակագրի վաւերացման փաստին մասին եւ կը թաքցնէ ԱՊՀ ստեղծման մասին Համաձայնագիրը վաւերացնող՝ ՀՀ Գերագոյն խորհուրդի 1992 թ. Փետրուար 18-ի որոշման բովանդակութիւնը, մասնաւորապէս շարք մը կարեւորագոյն վերապահումները, ուր ոչ միայն լիարժէքօրէն ամրագրուած է ԼՂՀ-ի ինքնորոշման իրաւունքը, այլեւ ԱՊՀ լիարժէք անդամ դառնալու հնարաւորութիւն ընձեռուած է ԼՂՀ-ին, որ սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու մէջ արդէն իսկ իրականացուցած էր անկախութեան հանրաքուէ: Այս փաստին թաքցնելը ձեռնտու է միմիայն Ազրպէյճանին: