Ամէն Մէկս Պէտք է Ընենք Այն, Ինչ Կրնանք, Ոչ Թէ Թեւաթափ ու Յուսահատ Նստինք. Մարինէ Ալէս

Այլեւայլ, Հայաստան

Մեր մայրաքաղաք Երեւանը ինծի համար իւրայատուկ քաղաք է, անկախ անկէ, որ աշխարհի վրայ կան շատ գեղեցիկ, մեծ, շքեղ, բարձրայարկ շէնքերով այլ քաղաքներ: Ու եթէ այս ժողովածուէն գոնէ քանի մը երգ ապրի Երեւանի մէջ, ատիկա ինծի համար մեծ նուէր պիտի ըլլայ։ Այս մասին, ըստ Aravot.am-ի, Արամ Խաչատրեանի տուն թանգարանին մէջ կայացած իր «Երգեր եւ ռոմանսներ» համերգին եւ համանուն ժողովածուի շնորհանդէսին ընթացքին՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշեց երգահան, թատերագէտ, «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ստեղծագործական խորհուրդի նախագահ Մարինէ Ալէսը։

Անոր խօսքով, մենք կ՝ապրինք փոքր քաղաքի մը մէջ ու յաճախ չենք ճանչնար մեր քաղաքի տաղանդաւոր մարդոց, կը լսենք ու կը խօսինք յատկապէս անոնց մասին, որոնց արդէն գիտենք, մինչդեռ Երեւանի մէջ կան բազմաթիւ շնորհալի մարդիկ: Երեկոյին ընթացքին, Երեւանի գեղարուեստական եւ երաժշտական ուսումնական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները կատարեցին Մարինէ Ալէսի տարբեր տարիներու ստեղծագործութիւնները, իսկ «Լոյսի օրօր», եւ «Колыбельная ветра» (Օրօրոցային քամի, ԽՄԲ.) եւ «Берегите нежность» (Հոգ տանիլ քնքշութեան մասին, ԽՄԲ.). երգերը հնչեցին առաջին անգամ:

Կատարողներն էին Ռոմանոս Մելիքեանի անուան պետական երաժշտական քոլէճէն Արման Նիկոլեանը, Արփինէ Փահլեւանեանը, Համեստ Մխիթարեանը, Էմի Մակեանը, Երեւանի թատրոնի եւ շարժանկարի պետական ուսումնարանէն՝ Իրինա Իորդամովան, Ռուզաննա Ջամբազեանը, Թովմաս Կարապետեանը, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն՝ Արմինէ Գրիգորեանը, Ծովինար Ամիրեանը, Արման Գրիգորեանը, Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանէն Արուսեակ Կոստանեանը:

Նշենք, որ գիրքի վաճառքէն գոյացած հասոյթը պիտի ուղղուի բարեգործական ծրագրերու: Մարինէ Ալէսը նշեց, որ գիրքը ծնած է օրօրոցայիններէ, որոնք կը պատրաստուէր հաւաքել մէկ ժողովածուի մէջ, յետոյ սկսած է պատերազմը, ապա covid-ը, ու աշխատանքը կանգ առած է, որովհետեւ ինչպէս ինքը կ՝ըսէ՝ երգերուն ժամանակը չէր: Պատերազմէն ետք, սակայն, որոշած է անպայման բարեգործական համերգ իրականացնել. «Երբ պատերազմը աւարտեցաւ, ես հասկցայ, որ ամէն մէկս պէտք է ընենք այն, ինչ կրնանք, ոչ թէ թեւաթափ ու յուսահատ նստինք: Որոշեցինք, որ ժողովածուն պէտք է խելքի բերենք, համերգ կազմակերպենք զոհուած հերոսներու ծնողներուն համար, ամբողջ հասոյթը ուղղենք տղաներու ընտանիքներուն»:

Covid-ի պատճառով համերգը յետաձգուած էր, համերգին ձեւաչափը փոխուած, սակայն նպատակը մնացած է նոյնը: «Ինծի համար կարեւոր է, որ այս ժողովածուն արդէն կայ նաեւ Արցախի, Տաւուշի մէջ, ուր տաղանդաշատ երգիչներ կան: Ես մեծ հաճոյքով կ՝երթամ, ու կը կազմակերպեմ համերգներ, որոնք կրկին կրնան բարեգործական նպատակի ծառայել, բայց իրենց մասնակցութեամբ»,- ըսաւ Մարինէ Ալէսը: