Տիարպեքիրի Մէջ Բացուած Պատմական Ամսագրերու Ցուցահանդէսին Ներկայացուած Են Նաեւ Հայերէնով Հրատարակուած Ամսագրեր

Աշխարհ, Էրկիր

Տիարպեքիրի Սուր շրջանին մէջ բացուած է պատմական ամսագրերուն նուիրուած ցուցահանդէս։ «Յիշողութիւն՝ Տիարպեքիր․ օսմանեան շրջանէն մինչ այժմ Տիարպեքիրի մէջ տպագրուած պարբերականները» խորագիրը կրող սոյն ցուցահանդէսին հեղինակը բանաստեղծ Ահմէտ Չաքմաքն է։ Այս մասին կը հաղորդէ www.akunq.net/am-ը՝ հիմնուելով «Տուվար» թրքական լրատուամիջոցի տեղեկութեան վրայ։

Ըստ աղբիւրին՝ ցուցահանդէսին հեղինակը ներկաներուն եւ լրագրողներուն յայտնած է, որ ցուցահանդէսը իր՝ շուրջ 20-ամեայ գործունէութեան արդիւնքն է։ Անոր խօսքով՝ ներկայացուած ամսագրերը հիմնական գեղարուեստական գործեր հրատարակած հանդէսներ են։

Ցուցահանդէսի կազմակերպիչները նաեւ նշած են, որ ներկայացուած ամսագրերը ցոյց կու տան Տիարպեքիրի հարուստ եւ բազմալեզու մշակոյթը։ Ցուցադրուող հանդէսները հրատարակուած են օսմաներէն, հայերէն, ասորերէն, թրքերէն եւ քրտերէն լեզուներով։

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 27։

Թրքերէնէ թարգմանած է Մելինէ Անումեան