Պիտի Մերժենք Նոր 9 Նոյեմբերներ (Կամ՝ Յիշելով Փեթէնները) Սարգիս Մահսէրէճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Երկու տարի առաջ, 10 Նոյեմբեր 2020-ի առաւօտուն, հայութիւնը ահարկու ցնցում մը ապրեցաւ, իմանալով, որ թուրք-ազերիական զինակցութեան դէմ ամբողջ 44 օր պատերազմած Հայաստան-Արցախը վերջակէտ մը դրած է 90-ականներուն սկսած յաղթանակներու եւ խիզախումներու փուլին եւ մարդկային ու հողային հսկայական կորուստներով պատմութեան անցուցած շնչասպառ ընող փուլ մը, որ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ 44-օրեայ պատերազմ անունով: (Ըսինք՝ վերջակէտ մը, որովհետեւ…)

Հայաստան-Արցախէն մինչեւ Սփիւռքի մօտակայ եւ հեռաւոր ափերը, հայը իրազեկ դարձաւ, որ «յաղթելու ենք»ները խաբէութեանց ամբողջ շրթայ մըն են եղեր, հիւսուած՝ «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած» վարչապետին եւ անոր հաւկուր կամակատարներուն կողմէ. անոնք օր մը յայտարարած էին թէ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», 10 Նոյեմբերէն ետք, սկսան գետին պատրաստել «պատմութիւնը սրբագրուած տեսնելու» իրենց թրքատիպ «գիւտերուն», սկզբնապէս Հայաստանի անվիճելիօրէն հայապատկան շրջանները կոչելով ազերիական անուանումներով, ի վերջոյ հասնելու հոն, թէ Արցախը մի՛շտ ալ եղած է Ազրպէյճանի կազմին մէջ, հիմա ալ ազերիները կը խոստանան արցախահայութեան մարդկային իրաւունքները պահպանել, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս կը պահպանեն Արցախէն խլուած հայկական հողերուն վրայ մեր մշակութային կոթողները եւ դարաւոր ժառանգութիւնները, այնպէ՛ս՝ ինչպէս պահպանեցին Նախիջեւանի հայութիւնը եւ խաչքարերը…

Պատերազմ կորսնցնելը ահաւոր էր, որովհետեւ տուինք շուրջ հինգ հազար զոհ, ունեցանք կրկնապատիկը վիրաւոր ու հաշմանդամ, մեզմէ խլուեցաւ Արցախի մեծ մասը (ինչպէս աւելի քան 100 տարի առաջ՝ Արեւմտեան Հայաստանը), յետոյ ալ Երեւանի իշխանութիւնը բարեհաճեցա՜ւ յաւելեալ պարգեւներ տալու Ազրպէյճանին (Բերձոր եւ Հայաստանէն սահմանամերձ պատառիկներ), մինչեւ հիմա ալ պատրաստ է կոկորդիլոսի արցունքներ հեղելու նորագոյն յարձակումներուն զոհ գացողներուն համար: Աւելի ահաւորը այն է, որ Հայաստանի մէջ այս իշխանաւորները կը յամառին աննահանջ շարունակել իրենց կորստաբեր ու պետութիւն կործանող ընթացքը, ու բանգէ՜տ մարդիկ, հայրենի հողերուն վրայ թէ Սփիւռքի տարածքին, նմանապէս կը յամառին իրենք զիրենք գերի պահել այն (ան)տրամաբանութեան, թէ Փաշինեան եւ իր վարչախումբ ընտրուած են ժողովուրդին քուէով, հետեւաբար, պէտք է անվերապահօրէն (մենք պիտի ըսէինք՝ մտային կամաւոր կուրութեամբ) հետեւիլ անոր ընթացքին, պահպանել անոր իշխանութիւնը, հոգ չէ թէ խաբկանքի եւ ձախաւերութեան վարքագիծը կը մնայ անշեղ:

Իսկապէս աներեւակայելի ու անհասկնալի է այն, որ մարդիկ ինչպէ՞ս կը նախընտրեն խաբուի՛լ ու խաբուի՛լ, հող կորսնցնել, նոր կորուստները անխուսափելի կը նկատուին այս ընթացքով: Աւելին, մարդիկ յայտնապէս գլխապտոյտ կ’ապրին, ի տես եւ ի լուր իշխանաւորներուն աջ-ձախ ոստոստումներուն, այսինքն՝ կը տեսնեն, որ իշխանութեան մարդիկը օր մը «այո» կ’ըսեն «ռուսական տարբերակին, յետոյ ամբողջ ուժով կը վազեն դէպի Արեւմուտք եւ «այո» մըն ալ կը նետեն այդ ուղղութեամբ, մինչդեռ պարզ աչքերով կարելի է տեսնել, թէ երկու տարբերակներն ալ անբարեյոյս են եւ կը մատնեն… գլխապտոյտի մատնուածի վիճակ: Այլ խօսքով, քաղաքական ուղեցոյց եւ կողմնացոյց կորսնցուցած իշխանաւորները ո՛չ միայն իրենք մատնուած են գլխապտոյտի, այլ նաեւ վարակած են իրենց հաւատարիմները: Եւ յանկարծ, հայութիւնը ինքզինք կը գտնէ այնպիսի վիճակի մէջ, որ կարծէք թէ այլապէս աղէտալի եւ կործանարար՝ 9 Նոյեմբրեի համաձայնագիրին մէջ կը սկսի փնտռել դրական կէտեր, փրկութեան լաստեր:

***

Պատերազմին յաջորդող ամիսներուն, ծնաւ յանկերգ մը, որ կը հնչէր նաեւ ընդդիմադիր ճակատէն: Կ’ըսուէր՝ պատերազմը շշմեցուցած է ժողովուրդը, հիասթափութիւնը ընդարմացուցած է մարդոց դատողութիւնը, պէտք է շուտով սթափիլ, դուրս գալ պարտադիըր թմբիրէն, ձեռք առնել վերականգնումի, վերազարթնումի երիվարին սանձերը: Այս նպատակով, ընդդիմադիրները փորձեցի՜ն ու փորձեցին իրազեկութեան եւ արթնութեան բերել զանգուածը, որ սակայն ընդհանուր առմամբ յամառեցաւ մնալ իշխանաւորներուն սնանկ քարոզչութեան պատանդը:

Այսօր ստեղծուած է կրկնակիօրէն անհեթեթ վիճակ: Ընդդիմադիրները իրենք զիրենք կը մեղադրեն, որ չեն յաջողիր գիտակցութեան բերել ժողովուրդը: Անդին, կան «գիտուններ», որոնք ընդդիմադիրները կը մեղադրեն յարատեւող անկումներուն համար, այս կամ այն անհատին օձիքէն կախուած կը մնան՝ հետեւելով իշխանաւորներուն ձեռքի շարժումներուն: Զանգուածը չ’ուզեր տեսնել եւ լսել, որ մատնուած ենք վիճակի մը, ուր անհատներու դրական կամ բացասական ըրած-չըրածները ցուցահանելը ժամանակավրէպ է, վաղը թուրք-ազերիական համաթուրանականութիւնը նոր դուռներ պիտի խորտակէ եւ Հայաստան-Արցախի մնացորդներն ալ պիտի դարձնէ խնդրոյ առարկայ, խաղաղութեան համաձայնագիրի եւ սահմանազատումի պիտակներուն տակ՝ պիտի շարունակէ նոր պատառներ խլել մեր հայրենիքէն, պիտի կտրէ պետութեան գլխավերեւին կախուած «Դամոկլեան սուր»-ին չուանին վերջին թելերը:

Սակայն ի՜նչ փոյթ, որ այս բոլորին «կերտումին» մասնակից են  «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած վարչապետը» եւ իր կամակատարները, անոնք ըլլան նախարար, զինուորական, դեսպան թէ տնտեսական մարզը յանձանձողներ: Զանգուածը կը շարունակէ խուլ եւ կոյր մնալ մինչեւ իսկ այն ահազանգին դիմաց, որ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ հնչեց Արցախէն, երբ ժողովուրդին գրեթէ կէսը հրապարակ եկաւ «Արցախը երբեք Ազրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չըլլայ» վճռակամութեամբ, Արցախի խորհրդարանն ալ որդեգրեց նոյն կեցուածքը եւ կոչ ուղղեց Հայաստանին ու Սփիւռքին, որպէսզի տէր կանգնին իրենց պարտաւորութիւններուն, վերահաստատեն 1988-ին հնչած մարտահրաւէրին հաւատարմութիւնը: Հայաստանի ընդդիմադիր ճակատը ընդառաջեց կոչին եւ Ֆրանսայի հրապարակ հրաւիրեց հայութիւնը, այսինիքն՝ վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը, եւ սակայն, զանգուածը նախընտրեց մնալ կրաւորական, մնաց պատանդը իշխանաւորներուն այն յանկերգին, թէ ընդդիմադիրները աթոռակռիւ կ’ընեն: Մարդիկ (խօսքը ընդառաջողներուն մասին չէ) Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ նախընտրեցին կոյր եւ խուլ մնալ նորանոր կորուստներու ահազանգերուն դիմաց…

***

Ինչպէ՞ս կարելի է բանալ զանգուածին ականջներն ու աչքերը, մանաւանդ ուղեղները դուրս բերել բթացումի վիճակէն: Ո՞վ կրնայ արդարացնել այն վարկածը, թէ մարդիկ տակաւին չեն սթափած պատերազմէն հասած հարուածին ցնցումէն: Մարդիկ ինչո՞ւ չեն կրնար տեսնել, որ քաղաքական ու զինուորական «առաջնորդները», այսինքն՝ իրենց կողմէ ընտրուածները հետեւողականօրէն կը խաբեն զիրենք: Եւ այս կէտին մէջ, ընդդիմադիրները արդար չեն իրենք իրենց հանդէպ, որովհետեւ երբ կան ինքնաբթացումի մատնուած աշակերտներ, ամէնէն հանճարեղ ուսուցիչն անգամ տեղ մը կը մատնուի անճրկումի, թէեւ երբեք չի յուսահատիր ու ձեռքերը վար չ’առներ:

Բանակի հրամանատար մը կը յայտարարէ, թէ ազերիները հեռաց(ու)ած են Ջերմուկի բարձունքներէն, քանի մը օր ետք, յայտնի կը դառնայ, թէ մարդը վարչապետին, Արծրուն Յովհաննիսեաններու եւ խմբակին հետեւողութեամբ ստած է, ազերիները հանգիստ նստած են բարձունքներուն: Ազրպէյճանի նախագահը, որուն հետ բանակցելու եւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու կը փութան վարչապետ, փոխ վարչապետ, խորհրդարանի փող նախագահ մը, նախարար եւ դեսպաններ՝ կը յոխորտայ (եւ դժբախտաբար չի ստեր), թէ ազերիական ուժերը հաստատուած կը մնան Սիւնիքէն մինչեւ Տաւուշ երկարող սահմանին իշխող բարձունքներուն, այսինքն՝ կրնան որեւէ պահու նոր յառաջխաղացք կատարել (կը հրապարակեն նաեւ իրենց դիտաւորութիւնը ցուցադրող քարտէսներ), բայց «բարեմտութիւն» կը ցուցաբերեն եւ կը սպասեն, որ Հայաստանի իշխանաւորները… կամովին կատարեն իր սպասած նոր զիջումները: Քաղաքական եւ մամլոյ դիտերը պարզ ականջներով կը լսեն, որ Պլինքըն մը այլեւս չի՜ ալ խօսիր Արցախի ժողովուրդին մարդկային իրաւունքներուն մասին, այլ նշաձողը նոր վայրէջքներու տանելու ճամբան ցոյց կու տայ, իսկ Փութին մը, իր հաշիւներով, ձեռքերը բոլորովին չի լուար Արցախէն: Այս բոլորին մէջ, նոր թափ կը ստանայ ռուսական կամ Արեւմտեան կողնորոշումներուն մտրակահարումը, մոռնալով, որ պահանջուածը… Հայաստանի ի նպաստ, հայութեան շահերուն ի խնդիր կողմնորոշումի յստակացումն է, հաւասարակշռուած յարաբերութիւններու բանալիին որոնումը: Եւ սա կը մնայ ընդդիմադիրներուն, այսինքն՝ հայրենիքն ու պետութիւնը փրկելու յանձնառութիւնը վերցնողներուն ճիտին պարտքը, որովհետեւ իշխանութեան մերկութիւնը ծածկող թզենիի վերջին ոստերն ալ չորցած ու տերեւաթափ եղած, յստակ դարձած է, որ այս մարդիկը ո՛չ կամքը, ո՛չ կարողութիւնը, ոչ ալ դիտաւորութիւնը ունին Հայաստան-Արցախի (հիմա ո՜վ կը յիշէ ամբողջական Հայաստանի) դատը պաշտպանելու, այդ նպատակով վերականգնելու հայութեան միասնականութիւնը, քաղաքական ու զինուորական բազկի ուժը: «Սահմանները բանանք, առեւտուր ընենք»ը կլանած է հաւկուներուն ուշքն ու միտքը, հոգ չէ թէ անոր փոխարժէքը Հայաստանի (գոնէ մեծ մասին) կորուստը պիտի ըլլայ, Արցախի հայաթափումն ու ազերիականացումը:

***

Ու երբ հայրենիքի լինել-չլինելու ճակատագիրը դրուած է նժարի մէջ (կրկնենք. ինքնակամն կոյրերն ու բթամիտները հրաւիրուած են այս իրականութիւնը տեսնելու), անդին, Հայաստանի մէջ օր-աւուր նոր «մանրուքներ» հրապարակ կը նետուին ու դաժան իրականութիւններէն, կորստաբեր ընթացքէն կը շեղեն հանրութեան ուշադրութիւնը: Օր մը կը յայտարարուի, թէ Հայաստան տնտեսական հսկայական վերելք կ’ապրի (մինչդեռ սղաճին մտրակի հարուածները ամէն օր աւելի՛ շաչող կը դառնան), ուրիշ օր մը հրապարակ կը նետուի «Քաղաքական պայմանագիր»-ի վարչական ընտրութեանց մէջ ի յայտ եկած խաղքութիւնները, յետոյ կը պայթի իշխանութեան յարած «օլիկարք»ի մը շահատակութիւնները, եւ պարսաւանքի ու ճնշումի ենթակայ «հպարտ քայլական»ը հակայարձակումի կ’անցնի մէյ մը իր կուսակիցներուն, յետոյ նաեւ մամուլի թղթակիցներու ու «նախկիններու» դէմ (եւ, ի՜նչ հեգնանք. խօսողը ամէնէն հին «նախկիններէն» է): Այս ու նման «մանրուքներ» (որոնք բնական պայմաններու մէջ արդարօրէն քննարկելի եւ հետապնդելի հարցեր են) մոռացութեան կը մատնեն սահմանազատումի եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հետապնդման թղթածրարները, որոնք իշխանաւորներուն կողմէ հիանալի յամառութեամբ յառաջ կը տարուին մի՛շտ ի վնաս Հայաստանի ու հայութեան, որովհետեւ… Էրտողանն ու Ալիեւ այդպէս կ’ուզեն, որովհետեւ Էրտողանն ու Ալիեւի դարպասող արեւելքցիներն ու արեւմուտքցիները լայն ասպարէզ գտած են ԻՐԵՆՑ ՇԱՀԵՐԸ ՅԱՌԱՋ ՔՇԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, տեսնելով, որ Հայասատանի շահերը պաշտպանելու կարող իշխանաւորներ չկան (եթէ մոռնանք որ իրենք նպաստած են անոնց՝ աթոռներ գրաւելուն), այլ կան ԲՈԼՈՐԻՆ ԿԱՄԱԿԱՏԱՐԸ ԸԼԼԱԼՈՒ պատրաստ վարչապետ մը, նախարարներ եւ «պետութիւն ներկայացնողներ»:

***

Եւ կան մարդիկ, որոնք ուրախ կը զգան, որ «ձերբազատելի բեռ» Արցախէն հնչած նորագոյն ահազանգերը կը մնան անարձագանգ, Սփիւռքն ալ միայն մանր նշոյլներ ցոյց կու տայ հոս-հոն (հին երգի մը բառերը հարց կու տային. «…Ինչո՞ւ չի շարժիր ապառաժ Զէյթուն»), կուրօրէն կը վերահաստատեն «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած» վարչապետին իրենց հաւատարմութիւնը, մոռնալով, որ պատմութեան աղբանոցին մէջ կան բազմաթիւ Մարաջախտ Ֆիլիփ Փեթէններ (Հիթլէրին հետ գործակցած Ֆրասնայի նախագահը), որ օր մը հռչակուած էր իբրեւ «Վերտէօնի առիւծ», յետոյ դատուեցաւ իբրեւ դաւաճան, մահուան դատապարտուեցաւ, սակայն յետոյ մատնուեցաւ ցկեանս բանտարկութեան: (Այս օրինակը չենք արձանագրեր բաղդատելու մօտեցումով, որովհետեւ Փեթէնի մը դաւաճանական ընթացքը անդառնալի կորուստի չմատնեց Ֆրանսան):

Արցախն ու Հայաստանը հաստատակամ են. նոր 9 Նոյեմբերներ պիտի չընդունուին, իսկ երկու տարի առաջ բացուած պարտութեան էջն ալ պիտի պատռուի ուշ կամ կանուխ, որովհետեւ հայութեան մէջ ալ կան Տը Կօլներու նման հայրենապաշտպաններ: