Գերմանիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտողները Կը Պատժուին Բանտարկութեամբ Կամ Տուգանքով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Գերմանիոյ մէջ քննարկումներու առարկայ դարձած է ցեղասպանութեան եւ պատերազմական յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնելու հարցը։ Իրաւաբաններու դիտարկումով՝ կրնան պատժուիլ նաեւ անոնք, որոնք կը հերքեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Սոցիալ-դեմոկրատական ​​կուսակցութեան» «Ազատ դեմոկրատական ​​կուսակցութեան» եւ «Կանաչներու կուսակցութեան» կողմէ ստեղծուած համատեղ կառավարութիւնը օրէնքի նախագիծը ներեկայացուցած է խորհրդարանի քննարկման եւ քուէարկման: Թէեւ ընդդիմադիր «Ձախ» եւ «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» (AfD) կուսակցութիւնները «դէմ» քուէարկած են, այդուհանդերձ օրինագիծը ընդունուած է 514 պատգամաւորի «կողմ» քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք։

Գերմանիոյ քրէական օրէնսգրքի 130-րդ յօդուածին մէջ կատարուած յիշեալ օրէնսդրական փոփոխութիւնը կը նախատեսէ ազատազրկում (մինչեւ 3 տարի) կամ տուգանք բոլոր անոնց համար, որոնք ատելութիւն եւ բռնութիւն կը հրահրեն՝ ժխտելով ցեղասպանութիւնն ու պատերազմական յանցագործութիւնները։

Ըստ այդմ՝ պիտի պատժուին ոչ միայն Գերմանիոյ մէջ Հոլոքոսթը ժխտողները, այլեւ աշխարհի տարբեր մասերու մէջ ցեղասպանութիւններն ու պատերազմական յանցագործութիւնները ժխտողները, մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները հերքողները։

Թրքական լրատուամիջոցներով կը ներկայացուի անհանգստացած եւ տարակուսած վիճակ, թէ արդեօք օրէնքի վերոյիշեալ փոփոխութիւնը կը վերաբերի՞ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման։ Օրէնքի փոփոխութեան կողմնակից Գերմանիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը իր կայքին մէջ հրապարակած տեղեկատուական նիւթով տուած է որոշ պարզաբանումներ․ նշուած է, որ եթէ դատարանները չեն կրցած հաստատել տուեալ ցեղասպանութեան կամ ռազմական յանցագործութեան փաստը՝ այդ պարագային օրէնքին նախատեսած պատիժը չի տարածուիր ենթադրեալ յանցագործութիւնը ժխտողին վրայ։

«Բայց որոշ պարագաներու պատմական փաստերը կրնան հանրայայտ ըլլալ, եւ այդ պարագաներուն դատարանը ապացոյցներ հաւաքելու կարիք չունի»,-կը պարզաբանէ Գերմանիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը։