Ռուս Խաղաղապահներու Իրաւագրին 3 Տարի Կայ. Ալիեւը Խաղերով Կը Փորձէ Արցախահայութիւնը Վախցնել. Դաւիթ Բաբայեան

Աշխարհ, Հայաստան

2022 թուականի Նոյեմբեր 8-ին Ազրպէյճանի նախագահը այցելած էր գրաւուած հայկական Շուշի, ուրկէ հերթական անգամ ռազմատենչ յայտարարութիւններ ըրած էր, մէկ կողմէն՝ ուղղուած միջազգային հանրութեան, թէ ոեւէ մէկը իրեն չկրցաւ ու չի կրնար կանգնեցնել, պատերազմական գործողութիւններ սկսելու համար, միւս կողմէն՝ արցախահայութեան, հայ ժողովուրդին՝ ըսելով, թէ արցախահայութիւնը յոյսը դրած է ռուս խաղաղապահներուն վրայ, որոնք շուտով այնտեղէն դուրս պիտի գան։

168.amի հետ զրոյցի ընթացքին՝ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան կ՝ըսէ, որ Ալիեւի այդ բոլոր յայտարարութիւնները հայատեացութեան արդիւնք են, նաեւ՝ հակառուսականութեան արդիւնք։

«Այս յայտարարութիւնները կը համընկնին Ուքրանիոյ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին հետ։ Երբ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական կողմին համար որոշակի դժուարութիւններ կ՝առաջանան, Ալիեւը կը սկսի աշխուժանալ, ուշի ուշով կը հետեւի ու կը սպասէ Ռուսիոյ պարտութեան՝ ցանկալով օգտուիլ այդ ամէնէն։

Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու իրաւագրին դեռ 3 տարի կայ, կանուխ է խօսիլ անոնց Արցախի մէջ մնալու ժամկէտի երկարաձգման կամ հակառակին մասին։ Ալիեւը, ի հարկէ, խաղեր ընելով, կը փորձէ շահաբաժին ապահովել, արցախահայութիւնը վախցնել, ռուսերը հարուածել, սակայն դեռ ժամանակ կայ խաղաղապահներուն հարցը քննարկելու համար»,- կը նշէ Դաւիթ Բաբայեան։

Արցախի ԱԳ նախարարին խօսքով՝ Ալիեւի յայտարարութիւնը, թէ իրեն ոեւէ մէկը չի կրնար կանգնեցնել, ոչ միայն շանթաժ ու արհամարհանք է միջազգային հանրութեան նկատմամբ,  այլեւ՝ մեղադրանք։

«Փաստօրէն նման յայտարարութիւններով Ազրպէյճանը իր յարձակման ու ցեղասպան քաղաքականութեան մասնակից կը դարձնէ միջազգային հանրութիւնը։ Այսպիսով՝ Ալիեւը կ՝ըսէ՝ եթէ միջազգային հանրութիւնը այդքան լաւ է, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան պատուար է, ինչո՞ւ զինք չի կանգնեցուցած, հաւանաբար եթէ ուզէին կանգնեցնել՝ պիտի կանգնեցնէին»,- կ՝եզրափակէ Դաւիթ Բաբայեան։