Ալիեւի Այսօրուան Ելոյթը Կը Վկայէ Ազրպէյճանի Ապագայ Վախերուն Մասին. Զաքարեան

Աշխարհ, Հայաստան

Գրաւուած հայկական Շուշիի մէջ Իլհամ Ալիեւը այսօր կրկին յոխորտացած է: Օգտուելով Հայաստանի պայմանակցական (capitulatory) իշխանութիւններուն թուլակամութենէն, մորթապաշտութենէն, դաւադիր կեցուածքէն ու քաղաքական տգիտութենէն՝ Ալիեւը կը համարէ, որ իր «յաղթանակը» պէտք է շարունակէ ամրապնդել: 44-օրեայ պատերազմէն երկու տարի անց, անոր կեցուածքը այնքան յանդուգն ու անբարտաւան դարձած է, որ ՀՀ քաղաքներու եւ տարածքներու աղաւաղուած անունները նշելով՝ կը սպառնայ նոր խնդիրներ ստեղծել: Այս մասին իր Facebook-ի էջին վրայ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Արտակ Զաքարեան.

«Քանի որ պաշտօնական Երեւանը չի խօսիր Արցախի գրաւուած տարածքներէն, եւրոպաներու մէջ կը քննարկէ Արցախէն ձեռք քաշելու օրակարգեր իսկ Հայաստանի մէջ տեղեկատուական ու իրաւական ճնշումներու կ՝ենթարկէ ազգային ուժերը, բնականաբար Ալիեւը ոչ միայն պիտի գրաւէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները, այլ նոր սպառնալիքներ պիտի հչեցնէ Հայաստանի միւս սահմանամերձ բնակավայրերուն վերաբերեալ:

Ազրպէյճանը չի թաքցներ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի հետ երբեք գործնական խաղաղութեան պիտի չի հասնի: Ընդհակառակը՝ յստակ կ՝ըսէ, որ Հայաստանը միշտ պէտք է ենթարկուի Ազրպէյճանի քաղաքական կամքին, կատարէ անոր պահանջները եւ որեւէ գործողութիւն, որ հաճելի չէ Ազրպէյճանին՝ հակազդեցութեան պիտի ենթարկուի:

Զաւեշտալին այն է, որ Ալիեւը կը խառնուի նաեւ Հայաստանի ներքին գործերուն, սպառնալով ընդդիմութեան եւ մտավախութիւն յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ գլուխ կը բարձրացնեն վրիժառու ուժեր, որոնք չեն հաշտուիր պատերազմի արդիւնքներուն հետ:

Այսինքն՝ նիկոլենք հաշտուած են, Նիկոլի ընտրողները հաշտուած են, իսկ Նիկոլի իշխանութեան դէմ հանդէս եկողները, որոնք կը մտածեն, որ Արցախը երբեք չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ, եւ չի կրնար ՀՀ տարածքին մէջ որեւէ անվերարահսկելի ճանապարհ ըլլալ՝ վրիժառուներ են:

Ես ուրախ եմ, որ Ազրպէյճանի մէջ կը մտածեն, որ Հայաստանի մէջ վրէժի տրամադրութիւններ կան: Պատերազմը պարտուած պետութիւններուն մէջ, եթէ վրէժի ձգտող (այսինքն՝ վերականգնող, պետութեան դիրքերը ամրապնդող, յաղթանակի տանող, պարտութիւնը փոխող, անվտանգութիւնը ամրապնդող) ուժեր չըլլան՝ չ՝ըլլար նաեւ այդ պետութիւնը: Ազրպէյճանի մէջ նաեւ շատ լաւ կը հասկնան, որ աշխարհի նոր վերաձեւումներէն ետք, հաւանական է, որ ազդեցիկ երկիրներու շահերէն բխի, որպէսզի Հայաստանը ձգտի՛ վրէժի ու համակարգէ տարածաշրջանը: Հետեւաբար՝ Ալիեւի մտավախութիւնը հիմքեր ունի: Նիկոլը պիտի կորսնցնէ իր փրօազրպէյճանական իշխանութիւնը, իսկ Հայաստանը պիտի շահի իր տարածքներուն վերաբերեալ սողացող յարձակման դիմակայելու եւ Արցախի դէմ շարունակուող ոտնձգութիւններուն հակադարձելու իրական հնարաւորութիւններ:

Պատահական չէ նաեւ, որ Ազրպէյճանի նախագահը այսօր նեղացած ոճով կը խօսէր Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող իսլամական երկիրներու մասին՝ անուանելով անոնց դաւաճան ու երկերսանի:

Ալիեւի այսօրուան ելոյթը կը վկայէ Ազրպէյճանի ապագայ վախերուն մասին: Սպառնալից ոճով, այսպէս կոչուած Զանգեզուրի միջանցքը կրկին պահանջելէն երեւցաւ նաեւ, որ խոստումները չկատարելու մէջ (ըստ Ի.Ա.) Նիկոլը մեղադրելով՝ տողատակերով աւելի շատ կը մեղադրէր Ռուսիան ու Իրանը, քան հայկական պայմանակցողները:

Մենք պէտք է գերազանցապէս շրջահայաց ըլլանք, դիմանանք, դիմադրենք, ու երբեք չյուսահատինք»,- գրած է Զաքարեան: