Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Գերազանցապէս Ազգային Հաստատութիւն Է․ Սեւակ Յակոբեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ»

“էդ, որ պայքարում են եկեղեցի սարքելու դէմ, հեչ չէ՞ք մտածել, որ եկեղեցին կառուցել են երկրի սահմանները ընդգծելու համար եւ հենց եկեղեցու առկայութեամբ է, որ կարողանում ես խօսել քոնը լինելու, քո երկիրն ունենալու, քո սահմանն ունենալու մասին».
Միքայէլ Արք. Աջապահեան

Հազիւ աւարտած էր Արցախին ու անոր քաջարի ժողովուրդին նուիրուած՝ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կայացած զօրակցական հանրահաւաքը, որուն ընթացքին ուրիշներու կարգին խօսք առաւ նաեւ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Սրբազանը, իշխանական պաշտօնական, թէ իրաւ կամ կեղծ օգտատէրերով օժտուած՝ համացանցային, թէ այլ քարոզչական մեքենան գործի լծուեցաւ:

Հասկցող-չհասկցող սկսան ըսել ու գրել, թէ «հոգեւորականը պէտք չէ քաղաքականութեամբ զբաղի»…: Արդարեւ նոյն կոտրուած սկաւառակը. Դդումի համ տուող նոյն յանկերգը:

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին գերազանցապէս ազգային հաստատութիւն է եւ այն անփոխարինելի ազգային արժէքն է, որուն փարելով է, որ իր պատմութեան դաժան օրերուն Հայ ժողովուրդը կրցած է գոյատեւել:

Ի չգոյէ ազգային իշխանութեան, եկեղեցիին ու հոգեւորականին ազգային ու պատմական պարտականութիւնն է առաջնորդել իր հօտը ճանապարհով մը, ուր կրնայ «քաղաքական»ն ու ազգայինը համընկնիլ:

Ի զուր չէ, որ ազգային արժէքները Հայաստանի մէջ օրն ի բուն կը փորձուին վարկաբեկուիլ, որպէսզի հայ ժողովուրդին հոգին դատարկուի ու վերածուի դատարկ ոգիով՝ անդէմ անդիմագիծ ամբոխի մը, առանց իր ոգին ազգայինով սնուցանող առաջնորդներու:

«Հոգեւորականը պէտք չէ քաղաքականութեամբ զբաղի». լո՞ւրջ էք դուք տիկնայք ու պարոնայք:

Իսկ հոգեւորականը պէ՞տք է պատերազմի մասնակցի խաչով, սուրով ու զէնքով… Ղեւոնդ Երէցը, Տէր Աւետիք քահանան եւ իրենց հոգեւոր եղբայրակիցները Աւարայրի ճակատամարտէն, հասնելով մինչեւ Հալիձոր, Սարդարապատ ու Արցախ, հայ ժողովուրդին մղած գոյամարտերուն ֆիզիքապէս մասնակցելով քաղաքականութի՞ւն կը խաղային…:

Այսինքն, երբ եկեղեցականը հայոց բանակին զինուորագրուի ու պատերազմի դաշտին վրայ զոհուի, ապա ընդունելի է, սակայն երբ պայքարի հայրենիքին ու պետականութեան պահպանման համար, ընդունելի չէ՞։

Մոռցա՞նք, որ հայ ժողովուրդին մղած վերջին պատերազմին Մայր աթոռի հոգեւորական հայր Մկրտիչը մինչ օրս անյայտ կորած է, մոռցա՞նք, որ Նարեկ սարկաւագը եւ ուրիշներ քաջաբար զոհուեցան: «Հոգեւորականը պէտք չէ քաղաքականութեամբ զբաղի» անհեթեթ լոզունգին գիւտարարները գիտե՞ն, որ Դաւիթ սարկաւագը, որ Աստուծոյ նախախնամութեամբ փրկուեցաւ արկի պայթումէն գնաց ծառայելու Դադիվանք։ Դադիվանքը այսօր, խումբ մը երիտասարդ հոգեւորականներ կը պահեն: Կարիքը կա՞յ նշելու, որ Դադիվանքը եթէ այսօր մզկիթի վերածուած չէ, ապա այդ եղած է Հայոց Հայրապետին անզուգական ջանքերով, որուն կենդանի վկան եմ անարժանաբար…:

Խնդիրը միայն տգիտութիւն չէ երեւի: Խնդիրը նաեւ ծախուած մարդոց հոգեբանութիւն ու պահուածք է: Խնդիրը առանց մտածելու խօսելուն մէջն է, ձեռքերնին ինչ որ շարադրանք տան զայն կրկնելուն մէջն է դժբախտաբար, առանց խորանալու խնդրին էութեան մէջ:

Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ սրբազանին վերոյիշեալ խօսքը քաղաքակա՞ն է, թէ գերազգային…:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառին անցնող շաբաթավերջին, իր վէրքերէն տակաւին չամոքուած Ջերմուկի իր հոտին այցելութիւնը կամ ապագային, Արցախի ժողովուրդին զօրավիգ կանգնելու հաւանական ուխտագնացութի՞ւն մըն ալ քաղաքական պիտի կոչուի, թէ քաջ Հովիւի ազգային սրբազան առաքելութիւն: