Ազրպէյճանի Նախագահը Հայաստանին Սպառնացած է Ռազմական Նոր Յարձակումով՝ Յայտարարելով, որ Բարձունքներէն Կը Դիտարկեն Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկն ու Սեւանայ Լիճը

Աշխարհ, Հայաստան

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Շուշիի մէջ կրկին սպառնացած է Հայաստանին՝ յայտարարելով, որ բարձունքներէն կը դիտարկեն Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկն ու Սեւանայ լիճը։

«ԵՐԿԻՐ»-ի տեղեկութիւններով՝ Ալիեւը յայտարարած է, թէ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ուղղութեամբ՝ Սեպտեմբեր 13-14-ին տեղի ունեցած գործողութենէն ետք Ազրպէյճանի ԶՈւ-երը տեղայակայուած են հիմնական ռազմավարական բարձունքներուն վրայ։

Ալիեւը փաստացի կրկին սպառնացած է ՀՀ-ին՝ նշելով, «Հայաստանը պէտք է լաւ հասկնայ, թէ ինչ կը նշանակէ ատիկա։ Այսօր այդ ռազմավարական բարձունքներէն կրնանք տեսնել Կապանը, Գորիսը, Ջերմուկը, մեր տեսադաշտին մէջ է նաեւ Սեւանայ լիճը»։