Ալիեւը Շուշիի Մէջ Յայտարարած է, Թէ Խաղաղապահները Արցախի Մէջ Ժամանակաւոր Են

Աշխարհ, Հայաստան

Ալիեւը Շուշիի մէջ յայտարարած է, թէ ռուս խաղաղապահներուն Ղարաբաղ գտնուիլը ժամանակաւոր է։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԵՐԿԻՐ»-ը՝ վկայակոչելով ազրպէյճանական ԶԼՄ-ները։

Ալիեւը կրկին յոխորտացած է, թէ , իբր, Ղարաբաղը իրենցն է։

«Ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւորապէս եւ ժամկէտը նշուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութեան մէջ, եւ եթէ անոնք կ՝ապաւինին ոեւէ մէկուն, միեւնոյն է, պիտի բախին ողբերգութեան հետ»,- ըսած է ան։