Ստեփանակերտի «Մենք Ենք Մեր Սարերը» Արձանը՝ 55 Տարեկան

Այլեւայլ, Հայաստան

55 տարի առաջ այս օրը՝ Նոյեմբեր 1-ին, Ստեփանակերտի մէջ տեղադրուեցաւ «Մենք ենք մեր սարերը» արձանը: Այս մասին կը հաղորդէ Armradio.am-ը։

Ստեփանակերտի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» (նաեւ՝ «Տատիկ – պապիկի արձան», «Մե՛նք ենք մեր լեռները», արեւմտահայերէն՝ «Մամիկ եւ Պապիկ») յուշարձան-կոթողը Արցախի ամենայայտնի խորհրդանիշ-այցեքարտերէն մէկն է:

Կարմիր տուֆով պատրաստուած քանդակը, որ կը խորհրդանշէ արցախեան հողին եւ ժողովուրդին արմատներուն միջեւ արիւնակցական կապը, տեղադրուած է 1967 թուականին։ Քանդակագործն է Սարգիս Բաղդասարեանը, ճարտարապետը՝ Եուրի Յակոբեանը։

Քանդակը «Մենք ենք, մեր լեռները» անունով կնքած է հայ գրող, պատմաբան Բագրատ Ուլուբաբեանը։ Անիկա Ստեփանակերտի մուտքին մօտ իբրեւ յուշարձան ունենալու գաղափարը կեանքի կոչուած է այդ տարիներուն Լեռնային Ղարաբաղի մարզխորհուրդի գործկոմի նախագահ Մուշեղ Օհանջանեանի անմիջական մասնակցութեամբ:

«Մե՛նք ենք մեր լեռները» յուշակոթողին շինարարութեան եւ տեղադրման դէմ եղած է Խորհրդային Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը՝ յատկապէս անընդունելի համարելով անոր տեղադրումը Ստեփանակերտ քաղաքին մերձակայքը: Այդուհանդերձ, 1967 թուականի Նոյեմբեր 1-ին, յուշարձանը տեղադրուած է եւ կանգուն է առ այսօր:

2013 թուականին «Մենք ենք, մեր լեռները» յուշահամալիրը վերակառուցուած ու բարեկարգուած է մոսկուաբնակ գործարար Կարէն Աւագումեանի միջոցներով:

Յուշարձանը նաեւ երկարակեացներու պատուին կառուցուած աշխարհի առաջին արձանն է: Այս կոթողը նաեւ կ՝անուանեն Երկարակեացներու յուշարձան: