Լիբանանի Մէջ Լոյս Տեսաւ Յակոբ Փամպուքեանի Մուսա Լերան Բարբառին Նուիրուած Հատորը

Սփիւռք

1 Նոյեմբերին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանը լոյս ընծայեց մուսալեռցի բանաստեղծ ՝ Յակոբ Փամպուքեանի (Բամպակեան) մուսա լերան բարբառին նուիրուած հատորը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մուսալեռ-Այնճար-ի Facebook-ի էջէն։

Հատորը հրատարակուած է հեղինակին զաւակներուն կողմէ՝ խմբագրութեամբ Պրն. Եսայի Հաւաթեանին։

Հատորին շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 4 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Այնճարի «Ս.Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ.Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան։

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը շնորհաւորէ բանաստեղծն ու բոլոր մուսալեռցիները։