Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Նոյեմբեր 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ․ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածինի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութեան խումբի համահիմնադիր Բեդըր Վան Տալենը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի։

Հանդիպման ընթացքին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ ԵԽ պատգամաւորներուն այցը Հայաստան տեղի կ՝ունենայ հայ ժողովուրդին համար դժուար իրավիճակի մը պահուն, երբ երկրին առջեւ ծառացած են յետպատերազմեան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ անվտանգային հարցեր։ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր համարեց նման այցելութիւնները, որոնք նպատակ ունին ամրապնդելու ու զօրացնելու փոխգործակցութիւնը ԵԽ եւ Հայաստանի միջեւ՝ միտուած առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման։

Անդրադառնալով Սեպտեմբեր 13-14-ին Հայաստանի հանդէպ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն՝ Հայոց Հայրապետը ցաւով արձանագրեց, որ հայկական կողմը ունեցած է մարդկային ու տարածքային մեծ կորուստներ։ Ազրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութեան դատապարտման եւ կանխման հարցով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կարեւոր համարեց միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ բարեկամ երկիրները, միջազգային կառոյցները, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի Խորհուրդը, յստակ կեցուածք պիտի արտայայտեն ու քայլեր ձեռնարկեն տարածաշրջանը ապակայունացնող Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներու զսպման, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքի ապահովման, առ այսօր Ազրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու վերադարձման ուղղութեամբ։

ԵԽ պատգամաւորները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին զօրակցելու յիշեալ խնդիրներու բարձրաձայնման եւ յաղթահարման գործին։

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման փաստերուն։