Հրապարակուած է Փաշինեանի, Փութինի եւ Ալիեւի Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիան, Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը հաստատած են 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, Յունուար 11-ի եւ 2021 թուականի Նոյեմբեր 26-ի համաձայնութիւնները կատարելու իրենց յանձնառութիւնը։ Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, կը նշուի Սոչիի մէջ կայացած հանդիպման արդիւնքներով երեք երկիրներու ղեկավարներուն յայտարարութեան մէջ։

«Մենք՝ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Ի. Հ․ Ալիեւը, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Ն․ Վ․ Փաշինեանը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վ․ Վ․ Փութինը 2022 թուականի Հոկտեմբեր 31-ին հանդիպեցանք Սոչիի մէջ եւ քննարկեցինք 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, Յունուար 11-ի եւ 2021 թուականի Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն իրականացման ընթացքը:

Հաստատեցինք նշուած բոլոր համաձայնութիւնները անշեղօրէն պահպանելու յանձնառութիւնը՝ ի շահ ազրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու համալիր կարգաւորման, խաղաղութեան, կայունութեան, անվտանգութեան եւ Հարաւային Կովկասի կայուն տնտեսական զարգացման ապահովման։ Համաձայնեցանք լրացուցիչ ջանքեր գործադրել՝ ուղղուած մնացած խնդիրներու անյետաձգելի լուծման, ներառեալ՝ մարդասիրական հարցերի բլոկը։

Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիին վրայ անվտանգութեան ապահովման գործին՝ ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղուած անոր ջանքերուն պահանջարկը։

Համաձայնեցանք զերծ մնալ ուժի կիրառումէն կամ անոր կիրառման սպառնալիքէն, քննարկել եւ լուծել բոլոր խնդրահարոյց հարցերը բացառապէս ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման հիման վրայ՝ համաձայն ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմաթիի 1991 թ. հռչակագրին։

Ընդգծեցինք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման աշխոյժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար։ Առկայ մշակումներուն հիման վրայ համաձայնութիւն եղաւ շարունակելու փոխընդունելի լուծումներու որոնումը։ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը աննոր ամենայն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ։

Շեշտեցինք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը՝ հասարակութեան ներկայացուցիչներու, փորձագիտական համայնքներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջեւ երկխօսութիւնը ռուսական աջակցութեամբ շարունակելու համար, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական եռակողմ շփումներու մեկնարկը՝ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդելու նպատակով։

Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջնորդները ողջունեցին Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման այսուհետեւ եւս ամէն կերպ նպաստելու, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովելու Ռուսիոյ Դաշնութեան պատրաստակամութիւնը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։