Արցախը Հերթական Անգամ Ճշդեց Նշաձողի Աստիճանաչափը․ «Ազդակ»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանին յայտարարութիւնն ու Ստեփանակերտի համաժողովրդային հանրահաւաքը համընթաց քայլեր են, որոնք թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ արտաքին ուղերձներ կը պարփակեն: Պէտք է արձանագրել, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարբեր առիթներով Արցախի ժողովուրդը հանրահաւաքի դիմած էր` իր ձայնը լսելի դարձնելու համար:

Այս մէկը մարդաշատութեամբ եզակի է եւ իր տարողութեամբ` հատու պատգամներ փոխանցող:

Յայտարարութեան եւ հանրահաւաքին ընդառաջման տարողութեամբ եւ հնչած տեսակէտներու համադրումը կատարելով կ՛ամփոփուին հետեւեալ ուղերձները.

1.- Արցախի ժողովուրդն ու համայն հայութիւնը խորապէս մտահոգուած են գերտէրութիւններու Արցախի ապագային մասին ունեցած պատկերացումներով, որոնք սկսած են բարձրաձայնուիլ եւ ներկայացուիլ տարբեր առիթներու:

2.- Արցախը կարելի չէ պատկերացնել Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Այս սկզբունքը ելակէտ է Արցախ- Ազրպէյճան հետագայ բանակցութիւններուն համար:

3.- Արցախը Ազրպէյճանին բռնակցելու որեւէ փորձ ո՛չ միայն կը հակադրուի միջազգային օրէնքին, այլ նաեւ նոր ցեղասպանութեան սպառնալիք կը ստեղծէ Արցախի հայութեան նկատմամբ:

4.- Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն իրաւունք չունի Արցախի հայութիւնը վտանգող որեւէ դիրքորոշում որդեգրելու կամ Արցախի հայութեան ինքնիշխանութիւնը կասկածի տակ առնելու:

5.- Առաջնորդուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրով եւ Գերագոյն խորհուրդի 1992 թուականի յուլիսի 8-ի պատմական որոշումով: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պէտք է վերապահումով մօտենան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման` հաշուի առնելով ազրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան չկարգաւորուած ըլլալու հանգամանքը:

6.- Ռուսիայէն կ՛ակնկալուի յաւելեալ գործիքակազմեր ներդնել Արցախի հայութեան դէմ գոյաբանական վտանգը չէզոքացնելու նպատակով:

7.- Կը վերահաստատուին Արցախի Ազգային ժողովի 2022 թուականի ապրիլ 14-ի յայտարարութեամբ նախանշուած սկզբունքները:

Ապրիլ 14-ի որոշումը հիմնականին մէջ արձագանգն էր մէկ օր առաջ Հայաստանի վարչապետին կատարած յայտարարութեան: Արցախի Ազգային ժողովը Հայաստանի իշխանութիւններէն կը պահանջէր հրաժարիլ իրենց աղէտալի որոշումներէն: Այս յայտարարութեան վերաամրագրումը հարցին հրատապութեան եւ վտանգաւորութեան մասին կը յուշէ: Ի դէպ, 13 ապրիլին վարչապետ Փաշինեան խորհրդարանին մէջ միտք կը պատրաստէր ըսելով, որ միջազգային հանրութիւնը հայկական կողմէն կը պահանջէ իջեցնել նշաձողը:

Չմոռնանք, որ յայտարարութիւնն ու հանրահաւաքը Սոչիի եռակողմ հանդիպումի նախօրեակին են: Այդ հանդիպման ընթացքին երեք կողմերը պարտաւոր են հաշուի նստիլ Արցախի հայութեան զանգուածային տեսք ստացած հաւաքի պահանջներուն եւ Արցախի ժողովուրդը ներկայացնող Ազգային ժողովի ամրագրած սկզբունքներուն հետ:

Հիմա կը սպասուին Արցախի ժողովուրդի օրինակով Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման պահանջով համաժողովրդային հաւաքներ Հայաստանի Հանրապետութեան թէ սփիւռքի մէջ:

Հանրահաւաքներու լայնածաւալութիւնն ու մարդաշատութիւնը անպայման իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան բանակցութիւններուն եւ ստորագրուելիք փաստաթուղթերուն բովանդակութեան վրայ: