ՀՀ Իշխանութիւններէն Պարզաբանումներ Ստանալու Անհրաժեշտութիւն Կայ. Սոչիի Յայտարարութիւնը Հարցեր Կ՝առաջացնէ

Աշխարհ, Հայաստան

Սոչիի մէջ Հոկտեմբեր 31-ին կայացած եռակողմ՝ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ հանդիպման իբրեւ արդիւնք ընդունուած յայտարարութիւնը պարզաբանման կարիք ունի։ Այդ յայտարարութենէն ոչինչ կը հասկցուի՝ մասնաւորապէս Արցախի առնչութեամբ։ «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին՝ նման տեսակէտ յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան։

«Յայտարարութեան մէջ շատ բան չէր ալ կրնար ըլլալ։ Անկախ ամէն ինչէ, այդ յայտարարութիւնը կ՝առաջացնէ հարցեր, որոնք պարզաբանման կարիք ունին։ Այս պահուն աւելին չեմ կրնար ըսել, քանի որ տեղեկութիւն չունիմ, քանի որ ՀՀ իշխանութիւններէն պարզաբանումներ ստանալու անհրաժեշտութիւն կայ, վստահ եմ՝ հանդիպում պիտի ըլլայ»,- նշած է պատգամաւորը։

Մոսիյեան խոստովանած է՝ որոշակի ակնկալիքներ կային, որ Սոչիի մէջ քայլեր պիտի նախանշուին, բայց անկախ ատկէ, արցախահայութիւնը պիտի չի դադրի պայքարելէ իր ինքնորոշման իրաւունքի իրացման հասնելու համար։

«Արցախի մէջ Հոկտեմբեր 30-ին իրականացուած հանրահաւաքին նպատակը մէկն էր՝ ցոյց տալ, որ Արցախի ժողովուրդը իր իրաւունքներուն տէրն է։ Կը քննարկուի ԼՂ հարցը՝ մեր ինքնորոշման իրաւունքը յարգելով կամ անոր համար հեռանկար ձգելով, աւելի լաւ, չի քննարկուիր՝ ատիկա դեռ ոչինչ կը նշանակէ։ Արցախի ժողովուրդը փողոց ելած էր՝ ըսելու, որ իրենք Արցախի հանրապետութեան քաղաքացիներն են, եւ ոեւէ մէկը չի կրնար անտեսել իրենց ինքնորոշման իրաւունքը։ Արցախցին վճռական է պայքարելու իր ինքնորոշման իրաւունքին համար ու յետքայլ պիտ չընէ, քանի որ ատիկա կը նշանակէ Արցախի հայաթափում, որ անթուլատրելի է»,- շեշտած է պատգամաւորը։

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ՌԴ դեսպան Սերգէյ Գոբիրգինի այսօր հնչեցուցած յայտարարութեան, ուր կարծիք յայտնած էր, թէ ԼՂ հարցին կարգաւորումը աւելի լաւ պիտի ըլլայ ձգել ապագայ սերունդներուն, ՝մինչեւ խնդրի արդար լուծման համար երկուստէք ընդունելի տարբերակ ըլլայ, Արցախի ԱԺ պատգամաւորը նշեց.

«Այս իշխանութեան պայմաններուն մէջ ցանկացած հարցի քննարկում՝ ըլլայ Արցախի հետ կապուած, թէ՝ Հայաստանի, միայն անյաջողութիւններ ու պարտութիւններ կը բերէ, եւ, եթէ կայ հնարաւորութիւն՝ որոշ ժամանակով յետաձգելու ԼՂ խնդրի կարգաւորումը՝ մինչեւ գան յարմար ժամանակներ, ինծի կը թուի ՝ ատիկա աւելի լաւ տարբերակ է»։