Արցախի Ժողովուրդը Կանգնած է Ցեղասպանութեան Վտանգի Առջեւ. Ցեղասպանագէտներու Միջազգային Ընկերակցութիւն

Աշխարհ, Հայաստան

Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան գործադիր մարմինը Հոկտեմբեր 24-ին ընդունած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հարաւային Կովկասի բնիկ հայերուն դէմ ազրպէյճանական յարձակման մասին» յայտարարութիւն, որմով խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք եւ շարունակուող յարձակումը Արցախի դէմ՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ Արցախի ժողովուրդը կանգնած է ցեղասպանութեան վտանգին առջեւ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Tert.am-էն։

Ցեղասպանութեան վտանգը վերացնելու նպատակով Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան գործադիր մարմինը կոչ կ՝ընէ.

Միջազգային հանրութեան եւ ակադեմիական ու մշակութային կազմակերպութիւններուն՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի բռնութիւնն ու ատելութեան խօսքը Հայաստանի դէմ եւ ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցները Ազրպէյճանին ստիպելու դադրեցնել ռազմական գործողութիւններն ու ատելութեան խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի բնիկ հայերուն դէմ,

Ազրպէյճանին՝ կատարելու ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 2021 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի որոշումը,

Ազրպէյճանին՝ ետ քաշելու իր զօրքերը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն եւ յարգելու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, որ երաշխաւորուած է Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ (Գլուխ I, յօդուած 2),

Միջազգային հանրութեան՝ զսպելու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մենատիրական վարչաձեւը, որ պատասխանատու է 2020 թուականի Սեպտեմբերէն Հայաստանի եւ հայերու դէմ իրականացուած յարձակման (յանցագործութիւններ խաղաղութեան դէմ), ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու համար: