«Այս է Մարմին Իմ» Սուրբ Պատարագ Վաւերագրական Ֆիլմին Ներկայացումը Գանատայի Մէջ

Սփիւռք

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, Մոնթրէալի Բասդրմաճեան Սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ներկայացումը, «Այս է Մարմին իմ» Սուրբ Պատարագի Վաւերագրական Ֆիլմին։

Ֆիլմի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատական խօսքը ուղղեց Բեմագրութեան հեղինակին՝ Տիար Արշաւիր Գաբուճեանին, ինչպէս նաեւ Ֆիլմի բեմադրիչ՝ Տիար Յակոբ Փափազեանին, որ ժամանած էր Հայաստանէն, ինք նաեւ իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց Սրբազան Հօր, Ազգային Առաջնորդարանին եւ բոլոր ակնդիրներուն։

Առ այդ, յառաջիկայ շաբաթներուն Ֆիլմը պիտի տեղադրուի YouTube-ի վրայ։

Horizon Weekly Newspaper
Horizon Weekly Newspaper