Արման Չիլինգարեանի «Լոյսի Կաթիլներ» Ֆիլմը Ընտրուած է Ֆլորենսի Փառատօնի Մրցութային Ծրագրին Մէջ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Բեմադրիչ Արման Չիլինգարեանի «Լոյսի կաթիլներ» խաղարկային ֆիլմը ընտրուած է Ֆլորենսի միջազգային երկրորդ փառատօնի (Florence International Film Festival) մրցութային ծրագրին մէջ ցուցադրութեան համար։ Հայաստանի շարժանկարի ազգային կեդրոնին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Ֆլորենս քաղաքին մէջ, Նոյեմբերին։

Ֆիլմը, որ նկարահանուած է պետական ֆինանսական աջակցութեամբ, կը տեղափոխէ 1990-ականներու Հայաստան՝ մութ ու ցուրտ տարիներ, Սովետական միութեան փլուզումէն ետք՝ Անկախ Հայաստան: Անիկա կը պատմէ, թէ ինչպէս զինուորական կալանքէն ազատուելէ ետք՝ զօրացրուելով Արսէնը կը վերադառնայ տուն: Ծնողները ինքնաշարժի արկածի զոհ դարձած էին, երբ ան կալանքի տակ էր: Բանակային անցեալը եւ իր հետ այնտեղ տեղի ունեցածը ազդեցութիւն ձգած են Արսէնի վրայ: Լուռ վերապրելով անցեալը կը փորձէ համակերպուիլ քաղաքացիական կեանքին: Անոր կը փորձէ օգնել բանակային հրամանատարը, որ դարձած է հոգեւորական: … Եւ այդ խաւարին մէջ Արսէնը կը հանդիպի Մարիին:

Շարժանկարի համասենարիստներն են՝ Արման Չիլինգարեանը եւ Գարիկ Մաշկարեանը, գործակատարը՝ Արտօ Խաչատրեանը, նկարիչը՝ Ներսէս Սեդրակեանը, երգահանը՝ Լեւոն Թեւանեանը, հնչիւնային բամադրիչը՝ Տիգրան Կուզիկեանը: Այս ֆիլմին մէջ իր վերջին դերը խաղցած է Վիգէն Ստեփանեանը: