Անմիջապէս Դադրեցնել Ամէն Տեսակի Զինուորական Օժանդակութիւն Ազրպէյճանին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Բրբէնքի քաղաքապետարանի խորհուրդը երէկ ընդունեց որոշում՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի յարձակումը Հայաստանի եւ վայրագ վերաբերմունքը Հայ գերիներուն նկատմամբ, նաեւ որոշեց նամակով դիմել ԱՄՆ նախագահին, որ անմիջապէս դադրեցնէ ամէն տեսակի զինուորական օժանդակութիւն Ազրպէյճանին: Քաղաքապետարանը նաեւ նամակով պէտք է պահանջէ քոնկրերսականներէն կասեցնելու զինուորական օժանդակութիւնը, ետ առնելու նախագահէն թիւ 907 բաժինը անտեսելու իրաւասութիւնը, եւ զօրավիգ կանգնի HR 1351, որ նմանապէս կը դատապարտէ Ազրպէյճանը եւ վերջ կու տայ զինուորական օժանդակութեան:

ՀՅԴ Բրբէնքի Աղբալեան Կոմիտէն և Բրբէնքի Հայ Դատի Յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր ընկերներուն եւ համայնքի անդամներուն, որոնք երէկ գիշերունէ ելեկտրական նամակով դիմած են քաղաքապետարանի խորհուրդին՝ պահանջելով այս դիրքորոշումը:

«Ձեր աշխատանքը դիւրացուց մեր գործը այսօր, երբ անձնապէս ներկայ եղանք խորհուրդի նիստին եւ մեր խօսքը ուղղեցինք խորհուրդի ժողովին»,- ըսուած է ՀՅԴ Աղբալեան Կոմիտէի յայտարարութեան մէջ:

ՀՅԴ Աղբալեան Կոմիտէի Ատենապետ Անդրանիկ Չարշաֆճեանի վկայութեամբ «ամէն հայու պարտականութիւնն է առանց յուասահատելու իր շրջապատին ուշադրութիւնը սեւեռել Հայաստանի նկատմամբ Ազրպէյճանական վայրագութիւններու հարցին վրայ»:

Բրբէնքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան համոզուած է, որ «Հայ համայնքի ներգործօն մասնակցութեամբ կարելի դարձաւ իրականացնել եւս մէկ հայանպաստ որոշում՝ մեր բարեկամ Բրբէնքի քաղաքապետարանին միջոցով»։

ՕԲրբէնք
Հոկտեմբեր 4, 2022