Ազրպէյճանական Վերջին Յարձակումներուն Հետեւանքով Զոհուած Հայ Զինուորներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ՝ Թեսաղոնիկէի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

«Ազատ Օր»

Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տի ընդ­հան­րա­կան կո­չին եւ բարձր տնօ­րի­նու­մով ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նին, ­Կի­րա­կի, 18 ­Սեպ­տեմ­բեր 2022-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, յա­ւարտ ս. եւ ան­մահ պա­տա­րա­գին, կա­տա­րո­ւե­ցան հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն՝ ­Հա­յաս­տա­նի դէմ Ազր­պէյ­ճա­նի վեր­ջին վայ­րագ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար զո­հո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու յի­շա­տա­կին, ինչ­պէս նաեւ հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման տօ­նին ա­ռի­թով, ներ­կա­յու­թեամբ տեղ­ւոյն կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։

­Քա­րո­զի պա­հուն, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­րա­պե­տա­կան մաղ­թանք եւ Ե­ռա­գոյն դրօ­շի օրհ­նու­թիւն, որ­մէ ետք հայր սուր­բը անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­շի­նու­թեան, անդ­րա­դարձ մը կա­տա­րեց ան­ցեա­լէն դէ­պի ներ­կայ ըն­թա­ցող բո­լոր հիմ­նախն­դիր­ներն ու ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աս­տո­ւած, որ ­Հա­յաս­տան ժո­ղո­վուր­դը իր ձեռ­քով կեր­տէ իր ան­կա­խու­թիւնն ու պայ­ծա­ռաց­նէ զայն ի փառս ­Հա­յոց բա­նա­կին եւ պե­տա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ա­ղօթք բարձ­րա­ցուց առ Աս­տո­ւած ­Հայ­րե­նի­քի հո­ղի պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար քա­ջա­բար զո­հո­ւած հայ զի­նո­ւոր­նե­րու հո­գի­նե­րուն եւ շու­տա­փոյթ ա­պա­քի­նում մաղ­թեց վի­րա­ւոր հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն։ Ա­ւար­տին, եր­գո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին քայ­լեր­գը։