Իշխանութիւնը Հայ Ժողովուրդը Նոր Մահացու Զիջումներու Կը Նախապատրաստէ․ «Հայաստան» Դաշինք

Հայաստան

Յայտարարութիւն

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Ազրպէյճանը, օգտուելով Հայաստանի օրուան իշխանութիւններու յանցաւոր անգործութենէն ու մուրացկանային քաղաքականութենէն, ոտնձգութիւններ կ՝իրականացնէ մեր երկրին նկատմամբ: Գրաւուած են ՀՀ տարածքները, վտանգուած է մեր ինքնիշխանութիւնը եւ ՀՀ քաղաքացիներուն կեանքի իրաւունքը:

Միեւնոյն ժամանակ կ՝արձանագրենք «խաղաղութեան դարաշրջան» խոստացած ու այդ խոստումով խաբէութեամբ քուէ կորզած օրուան իշխանութիւններուն լիակատար ձախողումը արտաքին քաղաքականութեան, բանակաշինութեան, պետական կառավարման ոլորտներուն մէջ: Այս ամէնը կը վկայէ Նիկոլ Փաշինեանի ոչ օրինականութեան մասին։

Մեզի համար անընդունելի են Նիկոլ Փաշինեանի՝ ՀՀ անկախութեան հռչակագիրին հակասող յայտարարութիւնները։

Մենք դրական կը գնահատենք Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի նիստին վերահաստատուած դիրքորոշումը Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ, այն է՝ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ անոր իրացման արդիւնքներու լրիւ ու անսակարկելի ճանաչում։

Կը դատապարտենք իշխանութիւններուն ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնը, որ վերջնականապէս կը փլուզէ անվտանգութեան այն փխրուն համակարգը, որ դեռ հայկական պետականութեան հնարաւորութիւն կու տայ գոյութիւն ունենալու:

Թաքնուելով «Հաւաստի աղբիւր»-ի անուան տակ՝ օրուան իշխանութիւնը կը նախապատրաստէ հայ ժողովուրդը նոր՝ մահացու զիջումներու եւ զուգահեռաբար կը խրախուսէ հակառուսական ջղագրգռութիւնը՝ փորձելով իր ձախողումներուն մեղաւորներ նշանակել: Եւ ատիկա այն պարագային, երբ Արցախի անվտանգութեան ու արցախահայութեան կեանքի իրաւունքը կ՝ապահովեն ռուսական խաղաղապահները, իսկ հայ-թրքական սահմանին տեղադրուած է ռուսական ռազմակայան:

Հայաստանի ու Արցախի շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ կապուած մեր ժողովուրդը բազմաթիւ հարցեր ունի Ռուսիոյ Դաշնութեան ու ՀԱՊԿ-ի վարքագիծին կապակցութեամբ, բայց այս ամէնով հանդերձ անընդունելի է «Հաւաստի աղբիւր»-ին ու անոր քարոզչագործիքներուն անունով իրականացուող քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանի մէջ հակառուսական մթնոլորտ ձեւաւորելու եւ մեր երկիրը աշխարհաքաղաքական սուր հակամարտութեան թատերաբեմ դարձնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանը Ռուսիա-Արեւմուտք հակադրութեան մէջ մանրադրամ դարձնելու օրուան իշխանութեան արկածախնդրային քաղաքականութիւնը մեր երկրին համար կործանարար հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Համոզուած ենք, որ միայն իշխանափոխութեան պարագային հնարաւոր է ռազմավարական-դաշնակցային-բարեկամական յարաբերութիւնները վերականգնել Ռուսիոյ ու Իրանի հետ, ինչպէս նաեւ վստահելի, կանխատեսելի ու յարգանք վայելող գործընկեր դառնալ Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

ՀՀ անկախութեան հռչակագրին մէջ նշուած դրոյթները չեն կրնար սակարկման առարկայ դառնալ։

ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը ենթակայ են պաշտպանութեան բոլոր միջոցներով։ Մենք կողմ ենք հարեւաններու հետ համակեցութեան կանոններ գտնելուն ու յարաբերութիւններ հաստատելուն, բայց աննոնք պէտք չէ ըլլան մեր անվտանգութեան ու արժանապատւութեան հաշուին։ Դէմ ենք միջպետական յարաբերութիւններու գործարկումը միջանցքային տրամաբանութեամբ իրականացնելուն։

Իրական ու արժանապատիւ խաղաղութիւնը հնարաւոր է ապահովել միայն պետութեան արդիւնաւէտ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեամբ, մասնագէտ խումբով, բանակի վերականգնումով, հանրային լայն համախմբում ու համերաշխութիւն ապահովելով, Հայաստանի կողմէ նոր բանակցողով:

«Հայաստան» խմբակցութիւն

05.10.2022թ.