Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբը Պքերքէի Մէջ Մասնակցեցաւ Կենսոլորտի Տօնին Նուիրուած Ձեռնարկին

Աշխարհ, Սփիւռք

Կենսոլորտն ու բնութիւնը մարդու կեանքի անհրաժեշտութիւններն են, ուստի անոնց գոյացուցիչը` Աստուած փառաբանանքի արժանի է միշտ, եւ մարդ հրաւիրուած է անոնց հոգատարութեան: 1 Սեպտեմբերէն 4 Հոկտեմբեր ամէն տարի կը նշուի «Արարչութեան եղանակ»-ը, որուն համար բուսաբաններ, կենսոլորտի պաշտպաններ եւ ճարտարագէտներ կը ջանան ամբողջ աշխարհի տարածքին ներկայացնել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլալ կենսոլորտի ընկեր: Այս առիթով, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը ամէն տարի կը հրաւիրուի այս ծրագիրին, որպէսզի կատարէ արարչութեան հետ կապուած երգեր ու շարականներ: Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԶԴԱԿ»-ը։

Այս տարի նոյնպէս, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի արական կազմը մասնակցեցաւ եղանակի փակման հանդիսութեան, որուն կը նախագահէր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը` Պքերքէի պատրիարքարանին մէջ: Երգչախումբը կատարեց երեք շարականներ հայոց Շարակնոցէն` ղեկավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանին, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ալեքսանտր Սուսանիին եւ քանոնահարութեամբ Մարիա Եագուպեանին: Աղօթքի ընթացքին ուսանողներ եւ երիտասարդներ բոյսեր մատուցեցին, նաեւ աղօթքին ներկայ էին հայազգի եւ այլ ազգերու տարբեր եկեղեցականներ, կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ բնութեան պահապաններ: