Արշաւ՝ Google-ի Մէջ Հայկական Վայրերուն Տրուած Ազրպէյճանական Տեղանուններուն Դէմ

Աշխարհ, Հայաստան

Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը յայտարարած է, որ Google Map եւ Google Earth յաւելուածներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի շարք մը վայրերու տեղանուններ նշուած են ազրպէյճաներէն ու ազերպայճանական տեղանուններով։

«Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ անուանափոխուած եւ կեղծ կամ գոյութիւն չունեցող ազրպէյճանական անուններով նշուած են դպրոցներ, այգիներ, հրապարակներ եւ այլն: Օրինակ՝ «Որոտան» գետը նշուած է ազրպէյճանական անուանումով՝ «Bazarçay» կամ Սիսիանի զբօսայգին անուանակոչուած է Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւի կամ Աթաթուրքի անունով, կամ Սիւնիքի մարզպետարանի շրջակայքը նշուած է միայն ազրպէյճաներէնով՝ «Zəngəzur Vilayəti Administrasiyası» եւ այլն: Նոյնիսկ փորձած են փոխել Սիսիան քաղաքի անունը՝ Qarakilise: Ակնյայտ է, որ տեղի ունեցածը եղած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն միջամտութեամբ: Ասով, նախ, փորձ կը կատարուի հոգեբանական ճնշումներու ենթարկել Հայաստանի ժողովուրդն ու յատկապէս բնակավայրի բնակիչները»,- նշուած է Հիմնադրամի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Նշեալ հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՚ըսուի, որ այդ ձեւով կը փորձեն կեղծիքներով աշխարհին ներկայացնել, որ իբրեւ թէ Սիւնիքը ազրպէյճանական է: Ի վերջոյ, կը փորձեն օրինականացնել ազերպայճանական յարձակումները եւ ոճրային ներխուժումները՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ:

Նման մօտեցումով ազրպէյճանաներէնով նշուած են նաև տեղանուններ՝ Մեղրիի եւ Կապանի մէջ։

«Թաթոյեան» հիմնադրամը, արդէն իսկ կապի մէջ է «Google» ընկերութեան հետ եւ միջոցներու կը դիմէ խնդրի լուծման ուղղութեամբ։ Ձեռնարկուած քայլերուն հետեւանքով որոշ կեղծ անուններ արդէն իսկ փոխուած են:

Այս եղանակով չփոխուելու պարագային, ամերիկեան գործընկեր հայ փաստաբաններու հետ քայլեր պիտի առնուին՝ ազերպայճանական կեղծիքները վերացնելու պահանջով՝ դատական գործընթացներ սկսելու ուղղութեամբ։

Նշենք որ՝ ազրպէյճանցիները քարտէսներուն մէջ յաջողած են նոյնիսկ քարոզչական պատգամ մտցնել, քանի որ անոնցմէ մէկուն վրայ կը կարդանք՝ «Սիսիանը Ազրպէյճան է»։