ԼՏՊ-ի Վերջին Ցնորաբանութիւնը․ «Հայրենիք»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, կարճ ու կտրուկ՝ ԼՏՊ, միշտ ալ ցնորաբանութիւններ ունեցած է։

Ըստ երեւոյթին, այդ սովորութիւնը կը շարունակէ։

Վերջինը, որ հաւանաբար վերջնագոյնը պիտի չըլլայ, ի յայտ եկաւ քանի մը օր ետք Սեպտեմբեր 18-ի այն հանդիպումէն, որ Ամէնայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հրաւէրով  տեղի ունեցաւ Էջմիածինի մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Հ. նախկին երեք (Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ռոպէր Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան) եւ Արցախի նախկին երկու (Արկադի Ղուկասեան եւ Բագօ Սահակեան) նախագահներու։

Լուրը ինքնին շատ ուշագրաւ էր եւ որոշ յոյսերու դուռ կը բանար, մանաւանդ որ կը տեղեկացուէր, թէ այս դռնփակ նիստը գումարելու որոշումը տրուած էր մեր հայրենիքը ահաւոր, մտահոգիչ կացութենէն դուրս բերելու համար։

Հանդիպումի պահէն սկսեալ, այս ժողովը դարձաւ լայն քննարկումի եւ մեկնաբանութիւններու առանցք մը։ Հայորդին մեծ յոյսով ընկալեց այդ խօսակցութիւնները, որոնք կրնային որոշ չափով յուսատու կացութիւն մը ստեղծել, փրկուելու համար ճգնաժամէն։ Սակայն, ԼՏՊ-էն ծորած ցնորաբանութիւններն ու ձաբռտուքները ցոյց տուին, թէ «ուր որ էինք, հոն ալ կը մնանք»։

Գլուխ գործոցը՝ պատկերասփիւռի փաշինեանամէտ Հ1 կայանի կազմակերպած հարցազրոյցն էր նախկին նախագահին հետ։ Անշուշտ զրուցավարն ալ՝ «թաւշեայ» ղեկավարի հլու կամակատարներէն՝ Պետրոս Ղազարեանն էր, որ զարմանալիօրէն հանդարտ էր եւ կը դիւրացնէր իր զրուցակիցին անտեղի, անհիմն եւ անհեթեթ հաստատումները։ Ընդհանրապէս, ան վիճաբանող տիպար մըն է, բայց այդ օր հանդարտօրէն կը հետեւէր իր զրուցակիցին, առանց սովորականին նման «պայթուցիկ» մթնոլորտ ստեղծելու։ Ի դէպ, ոեւէ մէկուն ուշադրութենէն չէ վրիպած, որ երբ զրուցակիցը ընդդիմադիր մըն է, ան ո՛չ միայն չափազանցութեան կը հասնի յարձակումներուն մէջ, այլ… խօսակիցին առիթ չի տար արտայայտուելու, միտքը բացատրելու:

Իր նախագահութեան օրերուն ալ, ԼՏՊ միշտ հողեր յանձնելու քաղաքականութեան դրօշակիր մըն էր։ Այսօր, աւելի քան 25 տարի ետք, միեւնոյն յանկերգն է, որ կը կրկնէ, թէեւ աւրուած ձայնապնակներու դարաշրջանն ալ անցած է…։ Այնպիսի պատճառաբանութեամբ եւ բացատրութեամբ յառաջ կը մղէ իր «յանձնումի-անձնատուութեան քաղաքականութիւն»-ը, որ բառին բուն իմաստով յուսալքութիւն կը յառաջացնէ։

Եթէ իսկական քաղաքագէտ մը ըլլար, քաջատեղեակ պիտի ըլլար, որ երբ տկարացած ու պարտուած ենք, ընդհակառակը, շա՛տ աւելի կարիքն ունինք գօտեպնդուելու, միակամօրէն հաւաքուելու, վերակազմակերպուելու եւ վերականգնելու փուլ բերուած կառոյցը։ Սակայն, ԼՏՊ-ի համար հարցը վերջացած կը թուի ըլլալ։ Ըստ իր տրամաբանելու գիծին՝ խենթ մը իսկ չէ մնացած, որ «գտնէ հնար»։

Այս մարդը յայտնապէս մոռցած է, որ կար ժամանակ, երբ կ’առաջնորդէր «Ղարաբաղ Կոմիտէ»-ն, դրօշ բարձրացուցած էր վասն Արցախի ազատագրումին, յետոյ, իբրեւ նախագահ՝ իր ժողովուրդը ղեկավարած է եւ հիմա այսպէս՝ յուսախաբութիւն եւ յուսալքութի՞ւն կը սփռէ։ Հոգեբանական բնագաւառին մասին չենք խօսիր, երբ կը յիշենք պարսիկ փիլիսոփայ Ռումին (13-րդ դար), որ  կը շեշտէ, թէ անձնատուութիւնը այլընտրանք մըն է, եւ յատուկ ձիրք պէտք է ունենալ, նման որոշում մը տալու համար։

Հոգեբանական վերլուծում մը կատարելով, հարց տանք. արդեօք ԼՏՊ խորապէս ազդուա՞ծ է այլ փիլիսոփայի մը՝ Լաօ Ցուի (Ք.Ա. 6-րդ դար) խօսքերէն, ըստ որուն՝ ամբողջ աշխարհը անձնատուր կ՛ըլլայ․․․ երբ դեռ միտք ու խելք գոյութիւն ունի։

Հարցը հոն չէ վերջացած, որովհետեւ յիշեալ զրոյցէն ետք, լրագրողներու հետ այլ հարցազրոյցներ ունենալով, ԼՏՊ շեշտեց, թէ Էջմիածինի հանդիպումը իրեն համար աւարտած կը թուի ըլլալ։

…Իր «սանուկ»-ը օր մը «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» գոռաց, յետոյ այդ շրջանին մեծ բաժինը նուէր տուաւ Ատրպէյճանին, հիմա ձեռքերը վերջնականապէս լուացած է Արցախէն: Զարմանալի՞ է, երբ անոր վարպետը ատենին կը պայքարէր Արցախը ազատագրելու համար, իսկ հիմա ո՛չ միայն հրաժարած է անկէ, այլ պատրաստ է ձեռքէ հանելու նոյնինքն Հայաստանէն բեկորներ, որովհետեւ այլ ընտրանք չի տեսներ:  Իսկ տեսնելու համար մտային կուրութիւնը պէտք ունի դարմանուելու:

Ո՛չ, այդպէս չէ՛ կացութիւնը, պարո՛ն անձնատուութեան քարոզիչ: Կարելի է միասնականութիւն ստեղծել եւ քանդե՛լ այս «Գորդեան հանգոյց»ը, որ հիւսուեցաւ ձեր հովանաւորեալին եւ խմբակիցներուն ձեռքով։ Եւ միայն մէկ մօտեցումով կարելի է անձնատուութիւն կատարել, հետեւելով ֆրանսացի փիլիսոփայ Պլէզ Փասքալի (1623-1662) խօսքերուն.- «Մեր ամբողջ դատողութիւնը վերջ կը գտնէ, երբ զգացումներու  անձնատուր ըլլանք»։