Մ-18 ԱԱ․ Մարիամ Մկրտչեանը Յաղթեց Ազրպէյճանցի Մրցակիցին եւ Միանձնեայ Յառաջատարն է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Ռումանիոյ մէջ իրականացուող ճատրակի աղջիկներու մինչեւ 18 տարեկաններու աշխարհի առաջնութեան՝ Հայաստանի ախոյեան, ազգային հաւաքականի շախմատիստուհի Մարիամ Մկրտչեանը 8-րդ խաղին սպիտակներով մրցեցաւ ազրպէյճանցի Այան Ալահվերտիեւայի հետ եւ յաղթանակ տարավ 35-րդ քայլին։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

Մարիամ Մկրտչեանը 8-րդ անընդմէջ յաղթանակը տարաւ եւ միանձնեայ կը գլխաւորէ մրցաշարային աղիւսակը եւ 1,5 միաւոր առաջ է երկրորդ տեղ ընթացող հնդիկ Ս․ Գանիշգայէն։

Առաջնութեան աւարտին մնացած է 3 խաղ։