Ազրպէյճանը Կրակած է Հայկական Դիրքերու Ուղղությամբ
Սեպտեմբեր 8-ին՝ ժամը 02:30-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ՝ կրակած են հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւարեւելեան հատուածին վրայ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ:
ՀՀ ՊՆ-ի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ պատասխան գործողութիւններով ազրպէյճանական ստորաբաժանումներուն կրակը լռեցուած է:
Հայկական կողմէն կորուստներ չկան: