Քաղաքականութիւնը, Առանց Գաղափարականի, Փերեզակութիւն Է, Շահկատակութիւն, Մոտերն Հայերէնով` Աֆերիզմ․ (Յ․ Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Դիտա՞ծ էք Հայաստանի արագիլները… Անոնք իրենց տունը կը դառնան, Հայաստանի դաշտերը կը մաքրեն կրծողներէ… Հայ ազգի քաղաքական իմաստուններն են արագիլները…

Յաճախ ըսուած եւ կրկնուած  է, որ հայ ժողովուրդը մէկ է: Հնարած ենք գեղահունչ տարազներ, որոնք եղած են այդքան. մոռցուած են…  Եռամիասնութիւն…

Այսօր ինչպէ՞ս կ’ըմբռնուի այդ ՄԷԿ-ը: Ան բաժակաճառի աղմո՞ւկ է, ամբոխները ոտքի քնացնող դատարկաբանութի՞ւն, թէ՞ ազգակերտման եւ հայրենակերտման  առաջադրանք, առանց որուն` քաղաքականութիւնը կ’ըլլայ այն, ինչպէս օր մը խանութի մը ցուցանակին վրայ գրուած էր` սուպերդիւքյան…

Մէկ էինք այն ատեն, երբ հալածանքի եւ ջարդերու ենթարկուող արեւմտահայութեան պաշտպանութեան համար Արեւելահայաստանէն գիտակից եւ յանձնառու փաղանգ մը սահմանը կ’անցնէր` նոյն ազգին պատկանելու գիտակցութեամբ եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ կը մղէր: Արեւելահայ եւ արեւմտահայ մարտիկներ, միաժամանա՛կ, նոյն դիրքերուն վրայ գտնուեցան, քանի որ հայրենիքի եւ ազգի մէկութեան բնազդական գիտակցութիւն կար, որովհետեւ մէկ ազգի պատկանելու  իրաւ եւ անխարդախ գիտակցութիւն ունէին: Պայծառ դէմքեր, որոնք ապրեցան եւ ապրեցուցին մէկութիւնը, չբաւականացան խօսքով, իրենց եսերը եւ կեանքերը գիտցան ստորադասել ազգին ու հայրենիքին: Անոնց պանթէոնն է Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» կոթողական գործը, որ ճամբացոյց պէտք է ըլլայ բոլորիս` արեւելահայ թէ արեւմտահայ, հոն կայ մէկութեան դարբնոցը. Արամ եւ Արաբօ, Նիկոլ Դուման եւ Սպաղանաց Մակար, Ռուբէն եւ Դրօ…

Այդ մարտիկները կռիւ կը մղէին Հայաստանի համար, որ ազգի հող էր, որուն տէր էին եւ կ’ուզէին տէր մնալ: Ազգը իր հողին տիրութեան համար կռիւ կը մղէր: Նոյնիսկ բռնագրաւուած` հայրենիքի տէրը  ազգն է, տէրը իր հողին, ո՛չ իշխանը, ո՛չ թագաւորը, ո՛չ մէկ քաղաքականութիւն  խաղցող բախտախնդիր անհատ կամ խմբակցութիւն: Այդ հայրենիքը, ինչ ալ ըլլան անոր հին  կամ նոր աշխարհագրական անուանումները, հայու ժառանգութիւն է, չի պատկանիր եկուոր ներխուժողին, ուժատէր բռնագրաւողին: Անոնք կ’օտարուին, երբ հայը կ’ընդունի, որ վերջնականօրէն պարտուած է, որ` ինք չկայ որպէս տէր-ազգ: Ազգը պարտութիւնը որպէս վերջնական ընդունող իշխանին, թագաւորին, քաղաքական ճապկումներով ապրող բախտախնդիրներուն, որպէս իրաւատէր, ո՛չ ըսելու վեհութիւն պէտք է ունենայ:

Ինքնութեան ժխտում է մոռնալ հայրենի հողի տիրութիւնը: Ազգային եւ մարդկային իրաւութեան բարոյականի ըմբռնումով դաւաճանութիւն է ազգակիցներու եւ նախահայրերու հանդէպ` հայրենի հող զիջիլ, անկէ հրաժարիլ, այդ ընել` կը նշանակէ ազգին պարտադրել հարա քիրի ընել:

Չքանալ:

Հայրենիքը անհատական կալուած չէ, որ կարելի է վաճառել, սակարկել, փոխանակել, նուիրել, անկէ հրաժարիլ` եսական կամ  հատուածական շահախնդրութեամբ:

Մի՛շտ բռնագրաւուած կը մնայ այդ Հայաստանը այսօրուան եւ վաղուան սերունդներուն համար: Այս պէտք չէ մոռնալ եւ նոր սերունդներուն միշտ յիշեցնել եւ ներշնչել տիրոջ գիտակցութիւն: Զանոնք առաջնորդել յանձնառութիւններու ուղիով:

Եւ բռնագրաւումները կը շարունակուին: Վերջնական անկումը կու գայ, երբ կը հաշտուինք  կացութեան հետ, այսինքն անձնատուր կ’ըլլանք:

Անոնց դէմ ճակատ պիտի յարդարէ ազգը, մինչեւ այն ատեն որ չէ ընդունած իր պարտութիւնը, տէր մնայ:  Բռնագրաւուած Հայաստանը տէր ունի, եւ այդ տէրը ՄԷԿ հայութիւնն է: Եւ այդ տէրը չէ որոշած հրաժարիլ անկէ: Մի՞թէ մոռցած ենք, որ նոյնիսկ խորհրդային անանկախ պայմաններու մէջ Հայաստանէն հնչած էր ՄԵՐ ՀՈՂԵՐ-ը համազգային աղաղակը:

Ի՞նչ կ’ըսէր ՍԵՐՈՒՆԴ-ը  ՀՈՂ-ը դատարկելու եւ անոր տիրանալու համար գործուած Ցեղասպանութենէն կէս դար ետք: Մի՞թէ այսօր, երբ ունինք անկախ եւ միջազգային ճանաչում ունեցող Հայաստանի բեկորի վրայ հաստատուած պետութիւն, սնանկացած վաճառականի պէս պիտի յայտարարե՞նք, որ Հայաստանը  բռնագրաւողէն հողային պահանջ չունինք:

ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ հայրենիքը, ի միջի այլոց, ուրիշի սեփականութիւն չէ, չի կրնար ըլլալ, մինչեւ այն ատեն որ անոր տէր ժողովուրդը ինքնիրեն չդաւաճանէ: Հայ ղեկավար, կուսակցութիւն մը, տիրակալ մը, այսօր նաեւ հանրապետութիւն, հինգհազարամեայ ազգի ժառանգութիւնը  զեղչ-վաճառքի չեն կրնար հանել, չես գիտեր` ո՞ր փերեզակ մանրավաճառի մանրուք հաշիւներով, հրաժարելով հող հայրենիքէն:

Ինչպէ՞ս ընդունիլ, որ մեր նախահայրերու մայրաքաղաք Անին ազգին չի պատկանիր: Ինչպէ՞ս հաշտուիլ, որ Վանը այլեւս բնաւ հայկական պիտի չըլլայ: Ո՞ր իրաւունքով Աղթամարի հայու կառուցած հաւատքի տուն եկեղեցին վերջնականապէս պիտի իւրացուի անոր հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցողներու կողմէ, եւ հայը տարին անգամ մը հոն ուխտի երթալու արտօնութիւն պիտի խնդրէ անոր տէր դարձած աւազակէն:

Պատմութիւնը ուրիշ ժողովուրդներու վկայութիւնները ունի: Գերմանիան գրաւած էր Ֆրանսայէն հողեր, Վոժեան լեռները Գերմանիոյ յանձնուած էին, բայց ֆրանսացիները միշտ ապրած էին, ինչպէս ըսուած է, իրենց աչքերը յառած Վոժեան լեռներու կապոյտ գիծին, չէին ըսած, որ Գերմանիայէն հողային պահանջ չունէին: Պատմութիւնը եւ իրաւունքը վճռեցին: Պատմութեան վերջին խօսքը բռնագրաւողներուն եւ կայսրութիւններուն չի պատկանիր: Վկայ` Հռոմը, վկայ` Բրիտանական կայսրութիւնը, վկայ` բոլոր գաղութարարութիւնները: Ազգ մը վերջնական կերպով կը պարտուի, երբ ինքնիրեն կը մերժէ վերականգնելու իրաւունքը, որ վատութեան յոռեգոյն եղանակն է:

Յիշե՛լ քաղաքական իրա՛ւ առաջնորդ անկրկնելի Խրիմեանի տեսութիւն-պատգամը` ուղղուած Թոռնիկին, մեզի, որ` հողը պէտք է կեանքի եւ մահուան օրը, որ` անհող պէտք չէ մնալ:  Թուրքիան բռնագրաւած է եւ տէր դարձած է Հայաստան հողին, եւ ինքզինք յարգող հայը, ի՛նչ հանգամանք ալ ունենայ ան, վատութեամբ չի կրնար յայտարարել, որ հողային պահանջ չունի, որ քաղաքական ըմբռնումով կը նշանակէ ազգը սնանկ յայտարարել, դադրիլ գոյութիւն ունենալէ, ընդունիլ` ըլլալ անհայրենիք ամբոխ, Վիգէն Խեչումեանի բանաձեւումով` ուրիշի դրանը ապրիլ որպէս հիւր, երբ պարզապէս կը դառնանք ծառայ կամ ստրուկ:

Հայրենի հող կորսնցուցած ենք: Բայց մի՞թէ որպէս ազգ կորսուած ենք: Կորսուա՞ծ ենք անդառնալի կերպով: Կորսուած կ’ըլլանք անդառնալիօրէն, երբ յայտարարենք, որ մեզ իրաւազրկած ուժերէն կը դադրինք իրաւունք պահանջելէ:

Ազգի իրաւունքը չի սակարկուիր, կը պահանջուի, անոր համար պայքար կը մղուի:

Միջազգային հանրութիւնը երէկ, այսօր, դեռ վաղը, միշտ պիտի կանգնի Հայկական հարցի անշրջանցելի բարոյականին առջեւ: Ցեղասպանութիւն գործուած էր հողը բռնագրաւելու համար:

Հայը ինք երբեք մտահան պէտք չէ ընէ իրեն դէմ գործուած մեծ ոճիրը, ընկեցիկի եւ կրպակավաճառի հոգեբանութեամբ պէտք չէ հանդիսատեսը մնայ Ցեղասպանութեան եւ հայրենիքի կորուստին` սպասելով հրաշքը: Այդ հրաշքը սահմանած է Չարենց: Ան հաւաքական ուժն է: Ազգը խորտակման  կը տանին ներսի եւ դուրսի բոլոր մանրավաճառ աֆերիստները, ամէն բնոյթի եսական կիրքերով ազգը պառակտողները: Արդիւնքը պարտութիւնն է, ծառայութիւն` ազգի բոլոր թշնամիներուն: Ազգը եւ հայրենիքը վերանհատական, վերկուսակցական, վերշահախնդրական եւ վերփառասիրական են: Այս է ղեկավարման ալֆան եւ օմեկան: Միաժամանակ:

Հայ ժողովուրդը, պետութիւն, կուսակցութիւններ, մտաւորականութիւն, հողամշակ, բանուոր, թէ զինուոր, հաւասարապէս աւանդապահներն են պատմութեան, եւ` տէր:

Երէկ բզկտուած, այսօր բզկտուող հայրենիքին տէր է իւրաքանչիւր իրաւատէր, որ ոչ ոքի լիազօրութիւն տուած է իր ժառանգութիւնը ուրիշին յանձնելու:

Ո՛վ որ ալ ըլլայ պարտութիւնը վերջնական համարող իշխանաւորը, վերջին հայը պիտի մերժէ իր եւ իր ազգի իրաւազրկումը: Անձնատուութեամբ իրաւազրկումը ընդունողը պատմութեան էջերուն մէջ պիտի յիշուի որպէս դաւաճան:

Այսպէս է, որ Արցախը եւ բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանը, Անին եւ Վանը, Մուշը եւ Սասունը հայապատկան են, եւ այդ տարածքները պահանջել ազգային, քաղաքական եւ մարդկային անխարդախ գիտակցութիւն է, որ պէտք է առաջնորդէ հայը, հայերը, ո՛ւր որ ալ գտնուին, որպէսզի վերջ գտնեն ստրկութիւնը եւ ստրուկի հոգեբանութիւնը: Այս գիտակցութիւնը կենսագործող եւ առաջնորդող ղեկավարութիւն կը սպասուի:

Կրկին մտածենք իմաստուն Սոկրատի հետ, որ ըսած է. «Անկումը պարտութիւն չէ: Պարտութիւն է մնալ հոն, ուր ինկած ենք: Իսկ մեզի գրեթէ ժամանակակից Մեծն Բրիտանիոյ պարտութիւն մերժած օրինակելի վարչապետը` Ուինսթըն Չըրչիլ,  որ դէմ դրաւ նացիական նախայարձակումներուն, մնաց առանձին, բայց զինաթափ չեղաւ:  Ըսած է. «Յաջողութիւնը վերջնական չէ: Ձախողութիւնը ճակատագրական չէ: Կարեւորը շարունակելու քաջութիւնն է»:

Պարզ. հայ ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ հողի համար: Այսօր մեր ժողովուրդը պահանջատէրն է իր հողին, որպէսզի ցեղասպանութիւնը չշարունակուի լուռ մաշումով:

Տեղի կ’ունենա՞յ հրաշքը ղեկավարութեան մը ծնունդին, որ վերականգնէ եւ երաշխաւորէ հայութեան շարունակութիւն ըլլալու իրաւունք: Առաջնորդէ`  յաղթահարելով  եսեր սնուցող պառակտումները:

Իմաստուններու հետ քալել` կրկնելով եւ ընելով այնպէս, որ չմնանք հոն, ուր ինկած ենք, ձախողութիւն եւ պարտութիւն` որպէս ճակատագրական եզրայանգում, մերժել եւ շարունակել մնալ պահանջատէր, քաջութեամբ պայքարիլ, որպէսզի մենք մեր եւ մեր թշնամիներուն աչքին ըլլանք յարգելի:

Եւ վերջ տալ ներսի ու դուրսի սուպերդյուքանային լարախաղացութիւններուն` դադրելով առաջնորդուելէ ազգին մէջ տեւաբար թշնամի փնտռելու պառակտող եւ մահաբեր ախտէն:

Այս հրաշքը պիտի պատահի, երբ պարտուածութեան եւ սպառողական ընկերութեան թմբիրէն ազգը արթննայ, կամ յայտնուին արթնցնողը, արթնցնողները, եւ մէկութիւնը ըլլայ իրաւ:

Վերջին հայը պիտի մերժէ իրաւազրկումը:

Անձնատուութեամբ իրաւազրկումը ընդունողը պատմութեան էջերուն մէջ պիտի յիշուի որպէս դաւաճան:

Ներսի եւ դուրսի հաւկուրութենէ տառապող  քաղքենի ապազգայնացածներ չեն տեսներ, որ այսօր, կրկնելով պատմութիւնը, անհող  եւ աներդիք մնացին Բերձորի եւ Աղաւնոյի հայերը: Ոչ ոք կը խօսի պատասխանատուութեան մասին` չանհանգստանալու եւ չանհանգստացնելու համար: Եթէ դեռ ներսի եւ դուրսի պարտուած վիլայէթական դատարկաբաններ չծափահարեն լքումներու համար… որպէսզի իրենք ալ փոխադարձաբար  ծափահարուին իրենց մատուցուած ծառայութեան համար: