Վերամուտէն Անդին․ Նորա Սարաֆեան-Թաշճեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Վերամուտ է:

Տարուան այս եղանակին աշխարհի տարածքին բազմահազար կրթական հաստատութիւններ կը վերսկսին իրենց աշխատանքներուն:

«Մեր» դպրոցներն ալ, բոլորին նման, կը բանան իրենց դռները, եւ հայ աշակերտներ իրենց քայլերը դարձեալ կ՛ուղղեն դէպի հայ  դպրոց:

Նոր տարեշրջանի սեմին իւրաքանչիւր կրթական հաստատութիւն կը ջանայ վերամուտը սկսիլ նորարարութիւններով, փոփոխութիւններով եւ արդի ու թարմ ծրագիրներով:

Նորութիւններ բերելու այս ազնիւ ճիգին հետ մէջտեղ կու գան նոր դժուարութիւններ եւ նոր խնդիրներ, որոնք կ՛աւելնան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող եւ տարիներու ընթացքին կուտակուած մտահոգութիւններուն վրայ:

Վերջին տարիներուն, արհեստագիտական մարզին մէջ տեղի ունեցած  արագ զարգացումը, իր դրական եւ բացասական ազդեցութեամբ, բնականաբար մուտք գործած է նաեւ մեր կրթական հաստատութիւններուն մէջ: Աշխարհը մեծ թափով յառաջընթաց կ՛ապրի, եւ նոր սերունդը ենթակայ է ամէնօրեայ յեղաշրջումներու պարտադրած պայմաններուն: Հաղորդակցութեան նոր միջոցները, որոնք միեւնոյն ատեն քարոզչական եւ դաստիարակչական դեր կը կատարեն, իշխող ներկայութիւն են մեր վարժարաններուն մէջ: Մեր աշակերտները, որոնք սփիւռքի տարածքին  արդէն կը դիմագրաւէին պատկանելիութեան լուրջ խնդիրներ, ներկայիս առիթը ունին պատկանելու ոչ թէ երկու, այլ բազմաթիւ հաւաքականութիւններու:

Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով եւ այս նորաստեղծ դժուարութիւններուն առաջքը առնելու նպատակով` տարիէ մը ի վեր, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ եւ ANEC-ի (Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի) վարիչ- տնօրէնուհիին` Մարի Կիւլիւմեանին կազմակերպչական օգնութեամբ, սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ ամէնօրեայ եւ միօրեայ զանազան վարժարաններու հայերէնի  ուսուցիչներ հերթական «Զում»  հանդիպումներով առիթը ունեցան հետեւելու մանկավարժական եւ հոգեբանական նիւթերով դասախօսութիւններու եւ զրոյցներու, որոնց ընթացքին արծարծուեցան մեր դպրոցներուն մէջ  մայրենի լեզուն աւելի շինիչ եւ կենսունակ մօտեցումներով  մատուցելու մեթոտներն ու ձեւերը: Տուեալ  հանդիպումներուն առիթը ընծայուեցաւ, մասնագիտական զեկուցումներու կողքին, լսել երիտասարդ սփիւռքահայ տղոց հայերէնը իւրացնելու եւ հայերէնով ստեղծագործելու  վկայութիւնները:  «Լեզուն ապրի՞լ, թէ՞ սորվիլ» խորագիրը կրող այս հանդիպումներուն հարթակը դարձաւ բոլորիս բարձրախօսը, եւ հոնկէ ծնաւ տեսականէն գործնականի անցնելու մտածում մը:

Արդարեւ, անհրաժեշտ նկատուեցաւ կազմակերպել հաւաք-հանդիպում մը, որպէսզի կարելի դառնայ ծանօթանալ, ուսումնասիրել եւ բիւրեղացնել  այդ հանդիպումներուն ընթացքին ներկայացուած ծրագիրներուն եւ մանկավարժական մօտեցումներուն իրագործման եղանակը:

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կազմակերպեց եւ հովանաւորեց սոյն հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ 24-30 Մայիսին:

Եւրոպայի տարածքին գործող հայկական դպրոցներու հայերէնի 13 ուսուցիչներ խմբուեցան Յունաստանի Քոքինիա քաղաքի ՀՕՄ-ի  «Զաւարեան» դպրոցին մէջ:

Վայրին ընտրութիւնը պատահական չէր. տեղի ուսուցչական կազմը, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Հայկան Մինասեանի, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը գործադրէ ծրագիր մը, որուն արդիւնքը ակներեւ է:

Մանկական բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, մանկավարժ Անահիտ Սարգիսեանի մանկապարտէզի ծրագիրը, լեզուաբան եւ մանկավարժ Անի Կարմիրեանի տառաճանաչումի ուսուցման նոր մեթոտի գործադրութիւնը յաջողած են շնչող եւ կենդանի աշխարհ մը ստեղծել վարժարանէն ներս, ուր կը տիրէ բացարձակ համերաշխ եւ ներդաշնակ մթնոլորտ` յարգանքով եւ գործակցութեամբ զօդուած, աշակերտակեդրոն մեթոտաբանութեամբ եւ թուային ստեղծարար արհեստագիտութեամբ արտայայտուած:

Ծրագրին մատուցումը կը ցոլացնէ ուսուցիչներուն բծախնդիր եւ արհեստավարժ մօտեցումը, որ մեծապէս կը նպաստէ նիւթը մանուկներուն կողմէ հաճոյքով ընկալուելուն եւ ստեղծագործելու ազատութեան: Դասարանները եւ դպրոցի տարածքը գրաւիչ էին խօսուն նկարներով եւ պատգամներով, հայկական ասոյթներով, աշակերտական առօրեան դրսեւորող ստեղծագործութիւններով:

Մասնակիցներուն մօտ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատուին` Անի Կարմիրեանին վարած մանկավարժական քննարկումները, որոնց առանցքը հանդիսացան արեւմտահայերէնի դասաւանդման յատուկ ծրագրի մը կարեւորութիւնը եւ ստեղծումը դպրոցավարական առողջ մշակոյթի մը` աշակերտակեդրոն ըմբռնողութեամբ, հաճելի եւ շինիչ գործելաոճով, ուր աշակերտը կարենայ սիրայօժար եւ անկաշկանդ մասնակցիլ իր իսկ զարգացումին:

Արժէ յիշել, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի մանկավարժական եւ ուսուցողական յարատեւ ծաւալող ձեռնարկները, ինչպէս` վերոնշեալ ծրագիրները,  մատչելի են «Զնտուկ»  (zndoog.com) կայքէջին վրայ, որ  արեւմտահայերէնի պահպանումին եւ զարգացումին խթան եւ մղիչ ուժ հանդիսացող պարարտ միջավայր է:

Իր տեսակին մէջ առաջինը հանդիսացող այս հաւաքը կարելի է նկատել առողջ սկիզբ մը: Կը մնայ ի մի խմբել արծարծուած միտքերն ու առաջարկները եւ անցնիլ գործադրութեան:  Լիայոյս ենք, որ այս սկիզբը պիտի առաջնորդէ նոր ծրագիրներու եւ համախմբումներու, ունենայ շարունակականութիւն եւ նպաստէ համակարգուած նախագիծ ստեղծելու գլխաւոր նպատակին:

Վերջապէս, այս հանդիպումը եկաւ անգամ մը եւս հաստատելու, որ արեւմտահայերէնը սփիւռքի նորահաս սերունդը հայ պահելու գլխաւոր ազդակներէն մէկն է: Հետեւաբար անհրաժեշտ է ի գործ դնել անսպառ ճիգ, ծրագրուած աշխատանք, ստեղծարար միջոցներ, որպէսզի նորահաս սերունդը մայրենին ճանչնայ եւ ընկալէ  որպէս ապրող եւ շնչող լեզու:

Բարի՛ երթ բոլորիս: