Ինչպէ՞ս Ընել, Որ Երազանքները Իրականանան

Այլեւայլ

Ձեւակերպում- Որքան յստակ որոշէք, թէ ինչ կ՝ուզէք, այդքան աւելի դիւրին կը կատարուին անոնք: Երազանքները ձեւակերպելու ժամանակ մի գրէք այն, ինչ չէք ուզեր, այլ նշէք ա՛յն, ինչի մասին իսկապէս կ՝երազէք:

Յստակեցում- Եթէ դուք կ՝ուզէք նիհարնալ, ուրեմն յաջորդը պէտք է հասկնալ, թէ ինչպէս պիտի հասնիք ձեր նպատակին:Պէտք է թուղթի վրայ գրել, թէ ինչ հարկաւոր է ընել նիհարնալու համար:

Ներկայ ժամանակ- Ցանկութիւնները պէտք է ձեւակերպել ներկայ ժամանակով, ո՛չապառնի: Սահմաններու ընդլայնում- Երազանքները գրելու ժամանակ պէտք չէ սահմանափակել անոնց իրական դառնալու ճանապարհները: Օրինակ «կ՝ուզեմ ինքնաշարժ գնել», բայց հաւանաբար կ՝ուզեն նուիրել ձեզի:
Պատկերացում- Ներկայացուած փուլերը անցնելէ ետք հարկաւոր է ամէն օր պատկերացնել, թէ իրականութեան մէջ ինչպէս է ձեր երազանքը ապագային:

Սպասում- Երազանքները պատկերացնելէ ետք պէտք չէ սպասել, որ մէկ շաբաթ անց, դուք հասնիք ցանկալի արդիւնքին` ունենալու ձեր երազած ինքնաշարժը կամ ուղեգիրը եւ այլն:

Համբերատար եղէք, եւ ձեր ցանկութիւնները պիտի կատարուին իրենց սահմանուած ժամանակին:

Իրականացում- Այս փուլին կարեւոր է օգտուիլ ընձեռուած հնարաւորութիւններէն: Օգտուեցէք կեանքի ընձեռած առիթներէն եւ երբեք մի կորսնցնէք զանոնք, քանի որ միայն հնարաւոր է այդպէս իրականացնել երազանքները: