Վաղը՝ Ժամը 20:00-էն, Արցախի Հետ Հայաստանի Կապը Պիտի Իրականացուի Հին Շէն-Մեծ Շէն Գիւղերու Տարածքով

Հայաստան

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վաղը,։ Օգոստոս 30-ին, ժամը 20:00-էն սկսեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապը պիտի իրականացուի նոր երթուղիով` Բերդաձորի ենթաշրջանի Հին Շէն-Մեծ Շէն գիւղերու տարածքով։

Այստեղ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պիտի ապահովեն ռուս խաղաղապահները։