ԱՄՆ Բարձրաստիճան Օրէնսդիրները Կը Դատապարտեն Արցախի Վրայ Ազրպէյճանական Վերջին Յարձակումները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքներուն, քոնկրեսականները մշտապէս Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին մասին իրազեկելու եւ ամերիկահայ համայնքը Հայ Դատի յանձնախումբի առաջնեհերթութիւններուն շուրջ համախմբելու իբրեւ արդիւնք՝ ԱՄՆ բարձրաստիճան օրէնսդիրները կը շարունակեն անդրադառնալ Արցախի վրայ ազրպէյճանական վերջին յարձակումներուն։

Մասնաւորապէս, Ծերակոյտի ռազմական ծառայութեան յանձնաժողովի նախագահ Ճէք Ռիտը twitter-ի գրառումով դատապարտելի համարած է Ազրպէյճանի զինուժին գործողութիւնները, իսկ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեսը՝ օրեր առաջ՝ անդրադարձած է ազրպէյճանական գործողութիւններուն՝ պնդելով, որ ազրպէյճանական ուժերը պէտք է դուրս հանուին Արցախի շրջաններէն եւ կասեցուին անոնց վայրագութիւնները ընդդէմ Արցախի ժողովուրդին։

Ազրպէյճանական գործողութիւնները դատապարտած են նաեւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի հանրապետական անդամ Մարքօ Ռուպիոն, Քոնկրեսի հայկական հարցերով խումբի համանախագահներ Ֆրէնք Փալոնն ու Ճէքի Սփիրը, Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան յանձնաժոովի նախագահ Ադամ Շիֆը, քոնկրեսականներ Քեթրին Քլարքը, Աննա Էշոն, Ռաճա Քրիսնամըրֆին, Պրենտա Լորենսը, Լինտա Սանչեսը, Եան Շագովսքին, Պրետ Շերմանը եւ Լորի Թրահանը։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը ամէնօրեայ ծաւալուն եւ բազմաոլորտ աշխատանքով կը շարունակէ Արցախի շահերու պաշտպանութեան ուղղուած աշխատանքները՝ ի թիւս այլ բաներու հիմնական քաղաքական առաջնահերութիւն ունենալով Ազրպէյճանը ամերիկեան ռազմական օժանդակութենէն զրկումը։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
10.08.2022 թ.