Հրամայական է Համազգային Համախմբումը՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք Եռամիասնութեամբ. Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

Յարգելի՛ հայրենակից,

Վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցաւոր յարձակումներուն, հարկադրանքի եւ պարտադրանքի քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումներուն եւ Հայաստանի օրուան իշխանութիւններուն պարտուողական կեցուածքին հետեւանքով հայաթափման ու թշնամին յանձնելու վտանգի առաջ են հայկական նոր բնակավայրեր։ Փաստացի արձանագրուած է նաեւ յստակ ժամկէտ՝ Օգոստոս 25, որուն կանխման պատասխանատու իշխանութիւնները նոյնիսկ որեւէ դիրքորոշում չեն յայտնած:

Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթով սահմանուած ժամկէտէն շուտ սպառնալով փակել Հայաստանը Արցախին կապող միջանցքը եւ պահանջելով իրեն յանձնել շրջակայ բնակավայրերը՝ Ազրպէյճանը ակնյայտօրէն հերթական անգամ կը խախտէ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը։

Վերոնշեալ եռակողմ յայտարարութիւնը որեւէ կէտով չի նախատեսեր ճանապարհաշինութեան նպատակով բնակավայրերու յանձնում, չընդգրկեր նաեւ դրոյթ, որուն համաձայն նոր ճանապարհը պէտք է շրջանցէ Բերձոր, Աղաւնօ եւ Սուս համայնքները։ Ըստ էութեան, նման իրավիճակը ցեղասպան վարքագիծ է` միջազգային չափանիշներու լոյսին տակ:

Հետեւաբար՝ ականատեսն ենք միջազգային իրաւունքի հերթական կոպտագոյն խախտումներուն, ակնյայտ ապօրինի պահանջներուն, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ անոնք փաստացի բաւարարելու պատրաստակամութիւնը առնուազն հիմք է՝ պնդելու, որ կրկին գործ ունինք ժողովուրդի թիկունքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու, «բանաւոր փոխըմբռնման» ու բանաւոր համաձայնութիւններու հետ։ Օգոստոս 25-ը իբրեւ վերջնաժամկէտ հանրութեան հրամցնելը նոյնինքն անոր հերթական վկայութիւնն է:

Այս իրադարձութիւնները կրկին վերահաստատեցին մեր համոզմունքը առ այն, որ միակողմանի զիջումներու գնով առաջարկուող խաղաղութիւնը չի կրնար իրական, կայուն ու երկարաժամկէտ ըլլալ։ Հայաստանի իշխանութիւններու անհետեւողական, անորոշ քաղաքականութեան պատճառով չկայ պատշաճ համագործակցութիւն եւ ոչ մէկ ուղղութեամբ՝ ըլլան խաղաղապահ ուժերը, ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահութիւնը, թէ ընդհանրապէս՝ միջազգային կառոյցները։

Պարտութեան խորհրդանիշ դարձած իշխանութիւններուն հետ Հայաստանի ու Արցախի պարտութիւնը կը շարունակուի՝ ամէն օր սպառնալով անդառնալի նոր կորուստներու։

Հայ ժողովուրդի համախմբումը այսօր հրամայական է՝ անկախ այս իշխանութիւններուն գծած բոլոր բաժանարար գիծերէն, հետեւողականօրէն հրահրած ատելութենէն։ Հրամայական է համազգային համախմբումը՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութեամբ։ Օրուան իշխանութիւնները, սպասարկելով թուրք-ազրպէյճանական շահերը, փաստացի համատեղ այդ ուժերուն հետ կ՝իրականացնեն Արցախի հայաթափման ծրագիրը:

Պարտութեան անիւը օր առաջ պէտք է կանգնեցնել, որ հնարաւոր է բացառապէս օրուան իշխանութիւններուն հեռացումով: Միայն այդ պարագային հնարաւոր է եղածը պահպանել, նոր կորուստներէ խուսափիլ ու իրական խաղաղութեան հասնիլ։

«Հայաստան» դաշինք
09.08.2022թ.