Այս Իշխանութեան Ներկայութեամբ Անկարելի է Վերականգնել Եռամիասնութիւնը. Մհեր Գարագաշեան

Հայաստան, Սփիւռք

Սփիւռքի Հայ Դատի հեղինակաւոր գործիչ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի Հայաստան մուտքը արգիլելու ՀՀ իշխանութիւններուն աղմկայարոյց որոշումը կը շարունակէ լայնօրէն քննարկուիլ ոչ միայն հայաստանեան լրատուական, հանրային ու քաղաքական դաշտին մէջ, այլեւ Սփիւռքի եւ միջազգային տարբեր շրջանակներու մէջ։

Այս ծիրէն ներս, շատերը կը յիշեն ու կը յիշեցնեն, որ նմանօրինակ վերջին աղմկայարոյց միջադէպը արձանագրուած էր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի ղեկավարման տարիներուն, երբ 1992 Յունիս 29-ին Հայաստանէն արտաքսուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան 168.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին տեղեկացուցած է, թէ Գանատայի հայ համայնքին մէջ բացասաբար ընկալուած է Մուրատ Փափազեանի հանդէպ ՀՀ գործող իշխանութիւններուն պահուածքը։

«Անհեթեթութիւն է այսպիսի կամայական որոշում ընդունիլ եւ ճանչնալ անցանկալի անձ, երբ որեւէ պատճառաբանութիւն չկայ: Պարզապէս Մուրատ Փափազեանը առանձնացուցած են գրեթէ չորս ժամ, յետոյ առաջնորդած են օդանաւ։ Գործիչ մը, որ ամբողջ կեանքը նուիրած է Հայ Դատին, լրջագոյն աշխատանքներ ծաւալած Հայաստանի, Արցախի հարցերուն ուղղութեամբ՝ բարձրագոյն մակարդակներով, թէ՛ Ֆրանսայի, եւ թէ՛, առհասարակ, Եւրոպայի մէջ։ Եւ ասոր դիմաց նմանօրինակ վերաբերմո՞ւնք ունենալ»,- նշած է Մհեր Գարագաշեան՝ նկատելով, որ այս պահուն միայն ենթադրել կրնայ, թէ ինչու նման որոշում կայացուցած է գործող վարչախումբը եւ անոր առաջին դէմքը,- «Հաւանաբար այն պատճառով, որ Մուրատ Փափազեանը դաշնակցակա՞ն էր, կամ արդեօ՞ք որովհետեւ ֆրանսահայութիւնը պէտք եղած ընդունելութիւնը չտուաւ Զարեհ Սինանեանին, կամ աւելի առաջ՝ Փաշինեանը դիմաւորեցին իրեն յարիր կերպով, այսինքն՝ ցոյցերով կամ բողոքի շարժումներով, եւ կամ՝ նոյնիսկ կրնանք հետեւութիւն ընել, որ ասիկա պատուէր էր՝ օտարամուտ, կամ թրքական գործօնի կողմէն»։

Անդրադառնալով Հայաստանէն, Արցախէն ու Սփիւռքէն հնչող այն ահազանգերուն, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները Զարեհ Սինանեանի ձեռամբ լծուած են Սփիւռքը պառակտելու եւ հայրենիքէն անջատելու գործին՝ սփիւռքահայ գործիչը ըրած է շարք մը դիտարկումներ։

«Առկայ փաստերը եւ իրենց գործողութիւնները ամբողջացնելով՝ ես կրնամ յստակօրէն ըսել, որ ուղղակիօրէն վիհ կայ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու իմաստով, եւ անիկա գոյացած է արհեստական կերպով․ մանաւանդ ճիգ կը թափուի Սինանեանի կողմէն։ Օրինակ մը բերեմ՝ երբ ան այցելութեան կու գայ Սփիւռք, կը փորձէ շրջանցել Սփիւռքի ամբողջ կենսագրութիւնը կերտած աւանդական կառոյցները։ Այն եռամիասնութիւնը՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք, որ կար, այսօր չկայ՝ շնորհիւ ներկայ վարչախումբին առած քայլերուն, որոնք կը սկսին ապիկարութեամբ եւ կ՝աւարտին ազգադաւ մթին գործարքներով»,- արձանագրած է ան։

Մհեր Գարագաշեան նշած է, որ Նոյեմբեր 9-ի տխրահռչակ համաձայնագրէն ետք իշխանութեան քայլերը մեծ հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն յառաջացուցած են Սփիւռքի ստուար զանգուածին մօտ։

«Նոյեմբեր 9-էն սկսեալ՝ ինչ ալ ըլլան արդարացումները, ինչ ալ ըլլան բացատրութիւնները, մեզի համար տակաւին անհասկնալի, անընդունելի, դատապարտելի կը մնայ այս պատերազմի անփառունակ վախճանը, որուն շողշողուն «Յաղթելու ենք» վերնագիրը դրած էին օրուան իշխանութիւնները, իսկ աւարտին պարզուեցաւ՝ ոչ միայն չենք յաղթած, այլ ուղղակիօրէն ունէին սենար, որուն կը հետեւէին»։

Հարցին՝ արդեօ՞ք այդ եռամասնութիւնը խաթարելու հեռահար նպատակներէն է նաեւ այն խաղաղութեան օրակարգերու իրագործումը, որոնք հապճէպ կերպով մեկնարկած են իշխանութիւնները, Մհեր Գարագաշեան պատասխանած է․

«Վստահաբար, եթէ իրենց, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան դարաշրջանի շաքարապատ թակարդի խօսակիցները Թուրքիան եւ Ազրպէյճանն են, ուստի անոնք շատ լաւ գիտեն, որ Սփիւռքը այս իմաստով պահանջատիրական մեծ փորձ ունի եւ ծանօթ է Թուրքիոյ խաբէութիւններուն։ Ի վերջոյ, Սփիւռքը մեծամասնօրէն կազմաւորուած է Ցեղասպանութեան ժառանգներու միաւորումէն։

Երբ քու խաղաղութեան դարաշրջանի դրօշը ձեռքդ բռնած՝ տօն կը շնորհաւորես, բայց միւս կողմէն՝ հայ մարդուն կ՝արգիլես հայրենիք մուտք գործել, ատիկա նախ ցոյց կու տայ, թէ որքան ճղճիմ ես, քինախնդիր ու վախկոտ, որ որեւէ առաջնորդի վայել չէ, եւ յետոյ՝ թէեւ չունիմ փաստ, բայց կ՝երեւի, որ պատուէր կը կատարուի։ Չեմ զարմանար, եթէ ամէն մէկ շնորհաւորական տօնային հեռախօսազանգի ետին որեւէ թելադրանք կայ Թուրքիոյ կողմէն՝ տկարացնելու այդ եռամիասնութիւնը։

Մեր պարտականութիւնն է ատիկա վերականգնելը, բայց այս իշխանութեան ներկայութեամբ անկարելի է վերականգնել, որովհետեւ Հայաստանի վարչախումբը աւելի հետամուտ է օտար պատուիրատուներու ապսպրանքները իրագործելու մէջ, քան մտածելու համազգային նիւթերու եւ հեռանկարային ծրագրերու մասին։

Երբ մէկը կը յայտարարէ, թէ Շուշին դժբախտ եւ դժգոյն քաղաք էր, կամ՝ որո՞ւն պէտք է սարը, որ տարին տասներկու ամիս ձիւնով ծածկուած է… Սփիւռքի մէջ, Գանադայի մէջ մեծ թիւով հայորդիներ ուղղակիօրէն օրերը կը հաշուեն, որ այս վարչախումբը Հայաստանի ղեկէն վռնդուի դէպի պատմութեան աղբամանը»։

Ի՞նչ կը կարծէք՝ ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն» շարժումը կը կարենա՞յ լուծել այդ խնդիրը․ արդեօ՞ք նաեւ շատերու ձերբակալութեան, կալանաւորման ու անգամ կեանքի գնով շարունակուող այդ պայքարը կը կարենայ որեւէ բան փոխել երկրին մէջ՝ մեր վերջին հարցին ի պատասխան՝ սփիւռքահայ գործիչը վստահեցուց, որ համոզուած է՝ այդ շարժումը պիտի յաջողի։

«Հակառակ անոր, որ հաւանաբար շատ մարդիկ հիասթափուած են, թէ առաջին փուլը աւարտեցաւ, Ֆրանսայի հրապարակի վրանները հաւաքուեցան, սակայն համոզուած եմ՝ շարժումը չմարեցաւ․ յստակ էր, եւ յայտարարուած, որ երկարատեւ պէտք է ըլլայ այս պայքարը»,- նշած է Մհեր Գարագաշեան, ապա՝ թուարկած շարժման ձեռքբերումները,- «Նուազագոյնը՝ վերականգնեցաւ հաւատքը, որ կարելի է բան փոխել, որ աշխարհին յստակօրէն ըսաւ՝ հայութիւնը որեւէ մոխրագոյն պիօզանգուած չէ՝ ինչպէս Փաշինեանն ու իր ընկերները, այլեւ կայ յստակ կեցուածք, ազգային դիմագիծ, որ ո՛չ կ՝ըսէ այդ քաղաքականութեան։

«Երբ կը նայիս այսօրուան ողորմելի վարչախումբին, իրենց լկտի ինքնավստահ պահուածքին, որմով կը նային ընդդիմութեան այսրոպէական դանդաղ քայլերուն (մինչդեռ ես վստահ եմ, որ աշնանամուտին ամէն ինչ կը թեժանայ կրկին), երբ կը դիմեն Մուրատ Փափազեանի մուտքը արգիլող քայլերուն, երբ կը կալանաւորեն մարդոց, որոնմէ մէկը մեծ հայրենասէր Արմէն Գրիգորեանն էր, որ կալանքի տակ մահացաւ (եւ ըստ իս՝ սխալ չեն այն մեկնաբանութիւնները, թէ ան սպաննուեցաւ, որովհետեւ եթէ կալանքի մէջ չըլլար, վստահաբար, այս վախճանը պիտի չունենար), երբ կը դիմեն շանթաժներու, թէ իրաւագրերը կը վերցնենք պատգամաւորներէն, երբ վրաերթի կ՝ենթարկեն յղի անմեղ կինը, եւ պատասխանատւութիւն ոչ մէկը կը կրէ, ասոնք ինծի համար նախանշաններ են սնանկութեան, որուն վերջը շատ հեռու չէ, եւ կը հաւատամ, որ «Դիմադրութիւն» շարժումը այս առումով ճիշդ ընթացքի մէջ է»,- ըսած է ան։

Զարուհի Դիլանեան