ԱԱԾ-ն եւ ԱԳՆ-ն Կը Հրաժարին Մեկնաբանութիւններ Տալէ Մուրատ Փափազեանի ՀՀ Մուտքը Արգիլելու Դէպքով

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ ԱԱԾ-ն ու ԱԳՆ-ն կը հրաժարին մեկնաբանութիւններ տալէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ (Ֆրանք) Փափազեանի վերաբերեալ։ Sputnik Արմենիան հարցում ուղղարկած էր գերատեսչութիւններուն եւ խնդրած պարզաբանել՝ ինչո՞ւ Փափազեանին արգիլուած է մուտք գործել ՀՀ, եւ ինչո՞ւ Փափազեանը կը հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «անցանկալի անձ»։

ԱԳՆ-ն ի պատասխան հարցման նշած է, որ ատիկա իր իրաւասութիւններէն դուրս է, ԱԱԾ-ն ալ հրաժարած է տեղեկութիւն տրամադրելէ` անձնական կեանքի գաղտնիութեան հիմքով։

Յիշեցնենք, որ Մուրատ Փափազեանը Երեւան ժամանած էր Յուլիս 13-ի երեկոյեան։ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ անոր մուտքը ՀՀ արգիլած էին։