Վանի Մէջ Գտնուող Ուրարտական Սեպագիր Արձանագրութիւնը Գանձագողերու Թիրախ Դարձած Է

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ արեւելեան Վան նահանգի Սարայ շրջանին մէջ գտնուող ուրարտական դարաշրջանի սեպագիր արձանագրութիւնը յայտնուած է գանձագողերու թիրախին մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Գանձագողերը՝ ոսկի գտնելու մոլուցքով՝ փորձած են ծակել ժայռի վրայ փորագրուած հնագոյն հայկական պատմական արձանագրութիւնները։

Նշենք, որ այս ուրարտական «դարպաս»-ը ունի 5 մեթր բարձրութիւն։ Ժամանակի ընթացքին արձանագրութեան ժայռապատը ամբողջովին պղծած են տարբեր միջամտութիւններով։

Իսկ թրքական պատկան մարմիններն ալ, մինչ օրս, անուշադրութեան կը մատնեն տեղաբնիկներու կոչերը՝ պահպանելու պատմական ժառանգութիւնը։