Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ Նորանշանակ Դեսպանը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը 29 Յունիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը։

Գարեգին Բ. գոհունակութեամբ անդրադարձած է հայ-սուրիական պատմական կապերուն` ընդգծելով Սուրիոյ հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը անոնց ամրապնդման մէջ։

«Ամենայն հայոց կաթողիկոսը անդրադարձած է Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական գործողութիւններուն, Արցախի մէջ՝ 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով արձանագրուած ցաւալի կորուստներուն ու պատճառուած աւերներուն։ Ան վստահութիւն յայտնած է, որ բարեկամ երկու ժողովուրդները լաւատեսութեան ոգիով ու զօրեղ հաւատքով պիտի յաղթահարեն իրենց առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները»-, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գարեգին Բ. նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն՝ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերուող հոգատար վերաբերմունքին համար։

Նորա Արիսեան, իր կարգին, կաթողիկոսին ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան հետեւանքով հայ համայնքին առջեւ ծառացած դժուարութիւնները՝ հաստատելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները ամէն ջանք գործադրած են հայ համայնքին կացութիւնը բարելաւելու համար։ Դեսպանը Սուրիոյ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար կարեւոր համարած է նաեւ դերը սուրիահայ համայնքին, որ մշտապէս մեծ յարգանք կը վայելէ երկրին մէջ: