Նոյեմբեր 9-ի Յայտարարութիւն Կոչուածը Որեւէ Իրաւական Ուժ Չունի․ Իրաւագիտութեան Դոկտոր

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ արդարադատութեան նախկին նախարար, իրաւագիտութեան դոկտոր Գէորգ Դանիէլեան Facebook-ի իր էջին վրայ կը գրէ․

«Իւրաքանչիւր իրաւական ակտ, անգամ պարզապէս երրորդ կողմի նախաձեռնութեամբ բանակցութիւններու դրուած նախագիծ, անխտիր Հայաստանի շահերուն դէմ մեկնաբանութեամբ հրամցնելը դարձած է կայուն վտանգաւոր քաղաքականութիւն:

Նախ, Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութիւն կոչուածը չունի որեւէ իրաւական ուժ, անիկա պայմանականօրէն կիրառուած է միայն կրակը դադրեցնելու մասով, իսկ միւս կէտերով պէտք է վաւերացուեր, որ առ այսօր չէ եղած, որուն մասին քանիցս բարձրաձայնած ենք: Անգամ անոր հայերէն տարբերակը այն աստիճան կը տարբերի ռուսերէն տարբերակէն, որ դժուար է զայն բացատրել թարգմանչական հմտութիւններու պակասով …»: