Ահաբեկչական Խմբաւորումներ Երկու Հրթիռ Արձակած Են Քեսապի Ուղղութեամբ

Աշխարհ, Սփիւռք

Այսօր երեկոյեան՝ ահաբեկչական խմբաւորումներ հիւսիսային գիւղերէն երկու հրթիռ արձակեցին Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապ աւանին վրայ: Այս մասին, ըստ «Գանձասար»-ի, կը հաղորդէ ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը։

Արձանագրուեցան նիւթական աննկատ վնասներ:

«Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ նոյն ժամերուն Քեսապի հրապարակին վրայ տեղի կ՛ունենար պետական ձեռնարկ մը: Երկու հրթիռները ինկած են լերան մը վրայ, առանց նկատառելի վնաս պատճառելու: