Տարօն Եւ Տաթեւիկ «Աղաւնոյ Վանք» Մանկապատանեկան Գիրքին Շնորհահանդէսը՝ Գանատայի Մէջ

Սփիւռք

Հովանաւորութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանիս Հայեցի Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, եւ մեկենասութեամբ «Մանուկ Չուխաճեան» ընտանեկան հիմնադրամին, Ուրբաթ, 27 Մայիս 2022-ի երեկոյեան, Ս. Յակոբ Ազգային Վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Տարօն եւ Տաթեւիկ «ԱՂԱՒՆՈՅ ՎԱՆՔ» մանկապատանեկան գիրքի շնորհահանդէսը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հորիզոն»-էն։

Նշենք, որ սոյն գրքոյկի պատմութեան յղացումը կը պատկանի Վահագն Գարագաշեանին, ներշնչուած՝ Յովհաննէս Թումանեանի համանուն բանաստեղծութիւնէն, իսկ նկարազարդումը՝ Սիլվա Խաչերեանին:

Բոլոր սերունդներուն, բայց մանաւանդ մեր աշակերտներուն համար դաստիարակչական բովանդակութեամբ այս հատորը, իր ներդիրին ունի նաեւ նոյն բովանդակութեամբ ու նկարազարդումներով պատրաստուած մանկական շարժապատկեր մը, որ պատրաստուած է Հայաստանի մէջ:

Շարժապատկերին մէջ Տաթեւիկին ձայնը կը մարմնաւորէ Արազ Չարեանը, իսկ Տարօնին ձայնը՝ Ռուբէն Գարայեանը: