Արցախը Մեր Հայրենիքի Անբաժան Մասն է, Արցախահայութիւնը՝ Մեր Ազգի Ամենաերկար Պետականութիւն Պահպանած Հատուածը

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ։ Ըլլալով ապաքաղաքական կառոյց, որուն կանոնադրական խնդիրը գիտութեան զարգացումն է, ակադեմիան, սակայն, չի կրնար անհաղորդ մնալ մեր պետութեան եւ ազգի համար գոյաբանական քաղաքական մարտահրաւէրներուն։ Այդպիսի մարտահրաւէր է այսօր արցախահայութեան հնարաւոր հայրենազրկման եւ ցեղասպանութեան վտանգը, որ կարմիր գիծ է մարդկութեան համար։

Հազարամյակներու հայոց քաղաքակրթութեան մաս կազմող Արցախը մեր հայրենիքի անբաժան մասն է, արցախահայութիւնը մեր ազգի ամենաերկար պետականութիւն պահպանած հատուածն է, մեր արեւելեան պատուարը։ Սակայն սկսած առնուազն 20-րդ դարասկիզբէն՝ կովկասեան թաթարները, թրքական շրջանակներու աջակցութեամբ, այնուհետեւ անոնց ազրպէյճանցի հետնորդները կը գործադրէին բոլոր ջանքերը՝ վերացնելու հայկական որեւէ հետք Արցախի մէջ։ Այդ ամէնը կ՝ուղեկցուէր մարդկութեան դէմ իրագործուող յանցանքներով։

Այդ քաղաքականութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք եւ առանձնայատուկ թափ ստացաւ 2020թ. 44-օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած նոր իրողութիւններու պայմաններուն մէջ՝ փաստացի վերածուելով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտօնական գաղափարախօսութեան անքակտելի բաղադրիչի մը։ Այսօր մենք ականատես ենք այս արատաւոր քաղաքականութեան այնպիսի բացայայտ դրսեւորումներու, ինչպէս յայտարարագրուած ծրագրերը ի սպառ վերացնելու հայկական պատմամշակութային հետքը իր վերահսկողութեան տակ անցած նոր տարածքներուն մէջ, հայատեացութեան սփռումը բոլոր հնարաւոր միջազգային հարթակներու վրայ, պատմութեան զեղծարարութիւնը, արհամարհանքը միջազգային իրաւունքի հանդէպ, մասնաւորապէս, ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւի պայմանագրի ոտնահարումը եւ այլն։

Ազրպէյճան պետութեան կազմին մէջ յայտնուելու պարագային Արցախին կը սպասուի արագ հայաթափում, արցախահայութեան՝ հայրենազրկում, ցեղասպանութիւն։ Արցախը ոչ մէկ կարգավիճակով չի կրնար մաս կազմել պետութեան մը, որ իր քաղաքացիները արդէն քանի մը սերունդ կը դաստիարակէ մոլի հայատեացութեան մթնոլորտի մէջ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման երաշխաւորն է։ Մենք չենք կրնար հրաժարիլ այդ հիմնարար սկզբունքէն։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախի Հանրապետութիւնը այսօր կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ։ Հարկաւոր է համախմբել մեր ողջ ներուժը՝ դիմագրաւելու այդ մարտահրաւէրներուն, լուծումներ գտնելու առաջ եկած խնդիրներուն։ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան պատրաստ է ՀՀ պետական իշխանութեան մարմիններուն տրամադրել մասնագիտական խորհրդատւութիւն, կրնայ դառնալ այն հարթակներէն մէկը, ուր կրնան քննարկուիլ համահայկական նշանակութիւն ունեցող հիմնահարցերը, լուծումներ եւ այլընտրանքային տարբերակներ առաջարկուիլ համահայկական օրակարգի ձեւաւորման համար:

ՀՀ ԳԱԱ գիտութեան հանրայնացման եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժին
06.06.2022թ.