Սաթխայի Մէջ Նշուեցաւ Հերոսամարտի 104-ամեակը

Սփիւռք

Երկամեայ դադարէ ետք, 1 Յունիսին, Սաթխայի (Ջաւախք) մէջ, 1 Յունիսին, մեծ շուքով՝ երգ ու պարով տօնեցին 1918թ.-ի հերոսամարտերու յաղթանակներուն 104-ամեակը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ jnews.ge-էն։

satkhaa

Ձեռնարկը կազմակերպած են Լուսինէ եւ Ռաֆ Նանայեանները՝ շարունակելով Սանոսեան եղբայրներու հիմնադրած աւանդոյթը։

Arevik ev Raf
luna parayin hamuyt

«Այսօր մեր գիւղի օրն է, կ՝ուզեմ շնորհաւորել բոլոր սաթխացիները: Կ՝ուզեմ, որ բոլորը երջանիկ ու առողջ ըլլան, եւ միշտ կարենանք կազմակերպել ու նշել մեր Սաթխայի օրը։ Շնորհակալ եմ բոլորին, որոնք աջակցեցան, աշակերտներուս, անոնց ծնողներուն ու համագիւղացիներուս»,– կը նշէ Լուսինէ Նանայեան։

dholaharner
par

poqrikner

«Մենք շատ ուրախ ենք, որ այսօր կրկին նշեցինք մեր գիւղի օրը, ի հարկէ, շնորհակալ ենք կազմակերպիչներուն: Ես կ՝ուզեմ, որ ոչ միայն գիւղի օրը, այլ իւրաքանչիւր յաղթանակ Ջաւախքի մէջ մեծ շուքով նշուի»,– կը նշէ գիւղի բնակիչ Աշոտ Ծառուկեան։

paruhin

1918 թուականին թրքական 5-րդ խումբը, Թիֆլիսը նուաճելու նպատակով կ՝ուղղուի դէպի Ջաւախք՝ հանդիպելով սաթխացիներու դիմադրութեան: Աշխարհազօրային ջոկատները, որոնց կը միացան նաեւ միւս գիւղերու կամաւորական խումբերը, կը կանգնեցնեն թրքական կանոնաւոր բանակը, ապահովելով բնակիչներուն տեղափոխութիւնը Ծալկա եւ փակելով դէպի Թիֆլիս թշնամիին ճանապարհը: Սաթխայի հերոսամարտը՝ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերէն ետք քաջաբար կասեցուց թշնամի բանակին յառաջխաղացումը:

Հարիւրաւոր հայ մարտիկներ զոհուեցան՝ թշնամիին պատճառելով մեծ կորուստներ, որմով կանխեցին ինչպէս ջաւախահայութեան ամբողջական կոտորածը, այնպէս ալ Թիֆլիսը նուաճելու թշնամիին մտադրութիւնը:

2003-էն սկսեալ Ջաւախքի Սաթխա գիւղին մէջ, անկախ եղանակային պայմաններէն մարդիկ կը հաւաքուին գիւղի վերջնամաս եւ մեծ շուքով, հայկական երգով ու պարով, կը նշեն 1918 թ.-ի թուրքերու դէմ մղած հայ-վրացական ինքնապաշտպանական պայքարի յաղթանակներուն օրը: