ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը Պայտընին Կոչ Կ՝ընէ Տուն Կանչելու Հայաստանի Մէջ ԱՄՆ Դեսպանը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA) ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ կ՝ընէ ետ կանչելու Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին։

Յանձնախումբը կը նշէ, որ դիւանագիտական պաշտօնի վրայ աւելի քան երեք տարի գտնուելու ընթացքին Լին Թրէյսին «գրանցած է վատ ցուցանիշներ, որոնցմէ են՝ ԱՄՆ-ի կողմէ արցախցի փախստականներուն շօշափելի օգնութեան բացակայութիւնը, հայաստանեան քաղաքական ուժերու նկատմամբ նախասիրութիւնը, Հայաստանի անվտանգութեան եւ տարածաշրջանային դիրքերու յետագայ բարդացումը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու ապօրինի ձերբակալութեան, դաժան վերաբերմունքին եւ սպանութեան ողջամտօրէն արձագանգելու անկարողութիւնը»։

«Հայ Դատը կ՝ուզէ, որ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ իւրաքանչիւր դեսպան յաջողի»,- ըսած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան:

Անոր խօսքով՝ Լին Թրէյսին լռած է ոչ միայն 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, այլեւ անկէ ետք, մասնաւորապէս, տեղահանուած արցախահայերու խնդիրներու եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ազրպէյճանի շարունակական ոտնձգութիւններու հարցերով։

«ԱՄՆ-ի դիւանագիտական ծառայութեան աշխատակիցները, ինչպէս դեսպան Թրէյսին, սովորաբար կը ծառայեն մօտաւորապէս երեք տարի: Քանի որ անոր Հայաստան գտնուիլը արդէն գերազանցած է այդ ժամանակահատւածը, կոչ կ՝ընենք Պայտընի վարչակազմին ամուր հիմքի վրայ վերականգնելու հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները՝ նշանակելով նոր դեսպան Երեւանի մէջ: Հայ Դատը կ՝ակնկալէ սերտ համագործակցութիւն ԱՄՆ Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու կոմիտէին հետ՝ ապահովելու համար ԱՄՆ-ի արժէքներուն հաւատարիմ, արհեստավարժ թեկնածուի հաստատումը»,- ըսուած է յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ։