Ազգի Ու Հայրենիքի «Վէրք»-ով Կոտտացող Բիւրեղ Հոգիները Հասկնալ Է Պէտք. «Գանձասար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

ՀՀ Սփիւռքի գործերով յատուկ յանձնակատարին Սուրիա այցելութիւնը առիթ կրնար ըլլալ լաւապէս ճանչնալու ազգի ու հայրենիքի առօրեայով տագնապող հալէպահայ երիտասարդութիւնն ու անոր անշպար ընդվզումը: Այդ ընդվզումը ոչ բեմագրուած էր, ոչ ալ հայրենի պետութեան դէմ քայլեր առնելու տրամադրութենէ մը սնանած:

Երիտասարդութիւնը մտահոգ է ու ամէն առիթ պիտի օգտագործէ իր մտահոգութիւնը ի՛ր ձեւով ու ոճով յայտնելու: Անոր մտահոգութիւնը փարատել է պէտք իր իսկ հայրենիքի պետական այրերու պատասխաններով, քայլերով: Պարզ ու բնական է ընդվզումը անոր՝ Արցախի կորուստին, Հայաստանին սպառնացող վտանգներուն եւ յատկապէս միջինարեւելեան գաղութներուն ապրած տագնապալի փորձառութեան լոյսին տակ: Անոր ընդվզումը պատասխանի կը կարօտի, ոչ թէ կշտամբանքի:

Տեղեկատուական բաց համակարգի դարու մէջ կ’ապրինք, ուր ամէն իրողութիւն, քաղաքական թէ ժողովրդային ամէն շարժում յստակ կը պարզուի երիտասարդութեան դիմաց: Անոնք տեսնելով, դատելով կ’արձագանգեն, հաւկուրութեամբ չեն առաջնորդուիր ամէն ըսուած կուլ տալու, իրենց տեսածն ու ապրածը կը վերլուծեն ու ըստայնմ կը կողմնորոշուին:

Ազգի ու հայրենիքի յառաջընթացով տագնապող բիւրեղ հոգիները իրաւունք ունին պահանջելու ե՛ւ իշխանութենէն ե՛ւ կուսակցութիւններէն ազգին շահերը պաշտպանել, ազգին միասնականութիւնը, հայրենիքին սահմանները վտանգուած տեսնելու իրենց մտահոգութիւնը փարատող հարցումներուն պատասխանել ու համապատասխան քայլեր առնել:

Պատասխանել է պէտք ուրեմն պարզ ու մեկին, առանց անոնց տագնապը կապելու քաղաքական բարդ հաշիւներու հետ:

Ինչո՞ւ տագնապող երիտասարդ հոգիներուն մէջ հայրենի պետութեան դաւաճաններ կ’որոնէք, ինչո՞ւ ժողովրդավարութեան հաւատացող, ապահով հայրենիքի համար պայքարող ազատատենչ հոգիներուն մէջ «թալանչի»-ներ կ’որոնէք: Ինչո՞ւ խաղաղ ցուցարարներ կոպտօրէն կը ձերբակալէք ժողովրդավար երկրի մը մէջ: Ի՞նչ համաճարակ է այս, որմով կը վարակուին ու կը վարակեն մեր ազգին զաւակները: Ինչպէ՞ս պիտի բուժուինք ազգովին մեր ներքին ամրութիւնը բզքտող այս համաճարակէն:

Ականջ տուէ՛ք երիտասարդութեան պոռթկումին, Հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, շօշափեցէ՛ք անոր ազգային զարկերակը՝ զինք կշտամբելու, խաղաղ ցոյցերու ընթացքին ձերբակալելու եւ քաղաքական հաշիւներու թիրախ դարձնելու փոխարէն: