44-օրեայ Պատերազմին Երկու Ոտքը Կորսնցուցած Արցախցին Յաղթած է Թուրք Մարզիկին

Աշխարհ, Հայաստան

Բազկամարտի Եւրոպայի ախոյեան դարձած է 44-օրեայ պատերազմին երկու ոտքը կորսնցուցած, ծագումով Շահումեանի շրջանէն Սարգիս Յարութիւնեանը։

«Ան եզրափակիչին յաղթած է Թուրքիոյ մարզիկին։ Կը շնորհաւորենք ուժի, կամքի, հերոսութեան մարմնաւորող Սարգիսը փայլուն արդիւնքի համար»,- գրած է «Հիւսիսային Արցախ. Շահումեան, Գետաշէն» Facebook-ի էջը։