Լոս Անճելըսի Հայութիւնը Դարձեալ Զօրակցեցաւ Ընդդիմութեան եւ Դատապարտեց Զարեհ Սինանեանի Պառակտիչ Յայտարարութիւնները

Հայաստան, Սփիւռք

«Սփիւռքը ունի իր ըսելիքը եւ պիտի ըսէ իր ըսելիքը մինչեւ վերջ»

Կիրակի, Մայիս 15-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, ՀՀ հիւպատոսարանի շէնքին շուրջ կրկին հարիւրաւոր հայորդիներ կը մասնակցէին հանրահաւաք-ցոյցի՝ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայրենիքի մէջ ընթացող «Դիմադրութիւն» շարժման։

Շրջափակին մէջ կը ծածանէին Հայաստանի ու Արցախի դրօշակները, հաւաքի մասնակիցները կը կրէին իշխանութիւնը դատապարտող եւ անոնց հեռացումը պահանջող պաստառներ, կը հնչէին ազգային-յեղափոխական երգեր եւ կը վանկարկէին «առանց Նիկոլ Հայաստան», «Միութիւն, պայքար, յաղթանակ», «Նիկոլ հեռացիր», «Մենք ենք տէրը մեր երկրի» եւ այլ լոզունգներ։

«Հաւաքուած ենք մէկ նպատակով, որ մեր աջակցութիւնը ցուցաբերենք եւ յայտնենք, որ Լոս Անճելըսի հայութիւնը հոգեպէս եւ սրտանց հայրենի ժողովուրդի կողքին է ․․․ Նիկոլ, ազգովին քեզի պիտի իջեցնենք, սակայն նշաձողը՝ երբեք»։ Այս պատգամով բացուեցաւ հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները մեծ ոգեւորութեամբ ընդառաջեցին:

Հանրահաւաքին ընթացքին խօսք առին հանրային, հասարակական, եւ արուեստի գործիչներ, որոնք համոզում յայտնեցին, որ ի պատիւ գիտակից ու արթուն հայ հասարակութեան՝ ընդհանրապէս այս իշխանութեան պարտուողական ծրագիրները պէտք չէ իրականացուին։ Դատապարտուեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ անջրպետ ստեղծելու փորձերը: Ըսուեցաւ նաեւ, նոյն ուժերը կ՝ուզեն Հայաստանի ներքաղաքական հարցերէն հեռու պահել Սփիւռքը եւ Սփիւռքի մասնակցութիւնն ու խօսքը անտեղի կը նկատեն։ «Ասիկա այն անհիմն օրակարգն է, որ մէջտեղ կը նետուի։ Սփիւռքը ունի իր ըսելիքը եւ պիտի ըսէ իր ըսելիքը մինչեւ վերջ», յայտարարեցին բանախօսները: Նշելի է, որ բանախօսներու շարքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Հրաչ Վարժապետեան:

Հանրահաւաքի մասնակիցները, այնուհետեւ, ազգային յեղափոխական երգեր երգելով, լոզունգներ վանկարկելով, Կլենտէյլի գլխաւոր փողոցներէն անցնելով հասան Արցախի պողոտայ եւ համախմբուեցան Կլենտէյլի հանրային գրադարանին առջեւ, ուր եւս ելոյթները շարունակուեցան։ Յատկանշական է, որ հանրահաւաքի մասնակիցները քայլերթին ընթացքին՝ նաեւ կանգ առնելով մարդաշատ եւ հայահոծ «Ամերիքանա» համալիրին դիմաց՝ իրենց բողոքն ու զայրոյթը յայտնեցին Սփիւռքի յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կողմէ «Դիմադրութիւն» շարժումը դաւաճանական որակելու վերջին յայտարարութիւններուն։ Ցուցարարները «զարեհ դաւաճան» վանկարկելով անցան Ամերիքանա համալիրէն:

Քայլերթի աւարտին՝ մասնակիցներուն ընկերակցութեամբ՝ հնչեցին ազգային-յեղափոխական երգեր։

«Հորիզոն»