«Սփիւռքի Տարի-Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան Հիմնադրամ»՝ Հայագիտական Նիւթերու Հետեւող Ուսանողներու Համար

Սփիւռք

ԱՄՆ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան քանի մը ամիս առաջ, Ազգային առաջնորդարանին մէջ կեանքի կոչեց հայագիտական նիւթերու հետեւող ուսանողներու ի նպաստ նոր հիմնադրամ մը՝ ի յիշատակ գաղութի բարերարներէն հանգուցեալ տէր եւ տիկին Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեաններուն, «Սփիւռքի Տարի-Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեան հիմնադրամ» անունով: Հիմնադրամը կը հովանաւորեն հանգուցեալ ամոլի դուստրերը՝ Սեդա Գալստեան Աղայեան եւ Այտա Գալստեան Նորհատեան:

Այս հիմնադրամէն կրնան օգտուիլ Ամերիկայի եւ Սփիւռքի այլ գաղութներու մէջ ապրող հայ ուսանողներ, որոնք բարձրագոյն հաստատութիւններու կամ համալսարաններու մէջ հայերէնով կամ օտար լեզուներով կը հետեւին հայագիտական ուսմանց դասընթացքներու կամ  գիտական հետազօտութիւն կը կատարեն հայկական բանասիրութեան, Հայ Դատի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող զանազան կալուածներու մէջ: Հիմնադրամի առաջին տարուան յատկացումները պիտի կատարուին 2022-2023 տարեշրջանին համար:

Դիմումի թղթածրարը պէտք է բովանդակէ.

Ա. Նամակ մը, որուն մէջ նշուած ըլլան դիմողին ամփոփ կենսագրականը, հանրային կեանքին մէջ տարած գործունէութեան մասին տեղեկութիւն, նամակատան եւ ե-նամակի հասցէները եւ   հեռաձայնի թիւը: Սոյն նամակին կցել նաեւ դիմողին լուսանկարը: 

Բ. Անջատ թուղթի վրայ նշել ուսումնական հաստատութեան կամ համալսարանի անունը, հասցէն եւ դիմողին ուսանողական կարգավիճակը՝ քանի՞ տարուան ուսանող է, ուսումնառութեան շրջանը՝ ե՞րբ կ՛աւարտի եւ ո՞ր լեզուով կը հետեւի դասընթացքներուն:

Գ. Դիմողին համալսարանական անձնագիրը (Student ID) եւ անոր ստացած ուսանողական նիշերու ցանկը:

Դ. Մասնագէտի մը կողմէ յանձնարարական մը (նախընտրաբար):

Դիմումի ամբողջական թղթածրարները պէտք է Ազգային առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուին մինչեւ 30 Յունիս 2022՝ յղուած հետեւեալ հասցէին կամ ե-նամակի դրութեամբ.

ARMENIAN STUDIES STUDENTS GALSTIAN SCHOLARSHIP FUND

C/O WESTERN PRELACY

6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214

info@westernprelacy.org

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ