«Ար­մե­նո­փու­լիա» Գիր­քին Ներ­կա­յա­ցումը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Մէջ

Սփիւռք

Կի­րա­կի, 8 ­Մա­յիս 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 12:00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ար­մե­նո­փու­լիա» (­Հա­յոր­դի­նե­րը) գիր­քի շնոր­հան­դէ­սը։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։

­Գիր­քը կը ներ­կա­յաց­նէ Եֆս­թա­թիոս-Խ­րիս­թո­ֆո­րի­տիս ­Սար­փող­լի­սի վկա­յու­թիւ­նը, որ պատ­կե­րա­ւոր եւ ման­րա­մասն ձե­ւով կը յի­շա­տա­կէ 600 հայ ե­րե­խա­նե­րու ե­ղե­ռա­կան մա­հը թուր­քե­րու կող­մէ՝ ­Պոն­տո­սի ­Մա­ցու­քա­յի ­Քու­նա­քա շրջա­նին մէջ, որ կը գտնո­ւի Տ­րա­պի­զո­նի նա­հան­գը։ ­Հե­ղի­նա­կը սոյն վկա­յու­թիւ­նը գրեց 1983-ին եւ կը կազ­մէ իր յու­շե­րու մէկ հա­տո­ւա­ծը։ Այս­պէս, 2019-ին երկ­րոր­դա­կան ուս­ման դաս­տիա­րակ Ս­թա­թիս ­Թաք­սի­տիս նա­խա­ձեռ­նեց սոյն վկա­յու­թեան հրա­տա­րակ­ման՝ զայն թարգ­մա­նե­լով 6 լե­զուի (հա­յե­րէն, անգ­լե­րեն, ֆրան­սե­րէն, գեր­մա­նե­րէն, ռու­սե­րէն եւ թրքե­րէն)։ Կ­՚ար­ժէ նշել, որ բուն վկա­յու­թիւ­նը գրո­ւած էր պոն­տա­կան բառ­բա­րով։

Ձեռ­նար­կին սկիզ­բը ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ ընկ. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան, որ մատ­նան­շեց մէկ օր ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քը Ամ­պե­լո­քի­փի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մէջ, ուր այս­պէս կո­չո­ւած «յոյն-ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան միու­թիւն»-ը փոր­ձեց կա­տա­րել ե­լոյթ մը պոն­տա­կան ոչ գոր­ծոն կազ­մա­կեր­պու­թեան մը հետ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ։

­Տո­ւեալ շրջա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Լա­զա­րոս ­Քի­րի­զօղ­լու ներ­կայ ըլ­լա­լով հայ­կա­կան ե­լոյ­թին, խօսք խնդրեց նշե­լու հա­մար, որ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը տրա­մադ­րեց սրա­հը եւ ըն­դա­ռա­ջեց ե­լոյ­թի կազ­մա­կերպ­ման, ո­րով­հե­տեւ դի­մու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ պոն­տա­կան միու­թեան կող­մէ եւ ո­րե­ւէ նշում չէր ե­ղած ատր­պէ­ճա­նա­կան միու­թեան մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին։ ­Քա­ղա­քա­պե­տը նշեց, որ ինքն եւս ­Պոն­տա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րող­նե­րու ըն­տա­նի­քի զա­ւակ է եւ իր նախ­նի­նե­րը ա­մե­նա­դա­ժան ձե­ւով ոչն­չաց­ման են­թար­կո­ւե­ցան թուր­քե­րուն կող­մէ։

­Գիր­քի ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին խօս­քը տրո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ ­Քոնս­տան­տի­նոս ­Զեր­վա­սին, որ հա­մեստ եւ յու­զիչ խօս­քե­րով անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան՝ կար­դա­լով նաեւ ո­րոշ ցնցիչ տո­ղեր գիր­քին մէջ նշո­ւած պա­տում­նե­րէն։

­Յու­զիչ էր հե­ղի­նա­կի զա­ւա­կին՝ պ. Խ­րիս­թո­ֆո­րոս Խ­րիս­թո­ֆո­րի­տի­սի ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րուն խօսք տրո­ւե­ցաւ եւ ան անդ­րա­դառ­ձաւ իր հօր յու­շե­րուն մա­սին, ստեղ­ծե­լով խորհր­դա­ւոր եւ յու­զում­նա­լից մտնո­լորտ մը, մա­նա­ւանդ երբ ան ցոյց տո­ւաւ իր հօր բուն սե­ւագ­րու­թիւ­նը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, խօ­սե­ցաւ պ. ­Լեո­նի­տաս ­Լամպ­րո­փու­լոս, որ ­Գեր­մա­նիոյ ­Նիւ­րեմ­պերկ քա­ղա­քի պոն­տա­կան ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ է։ ­Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, գիր­քի հրա­տա­րակ­ման պա­տաս­խա­նա­տու եւ նա­խա­բա­նի հե­ղի­նակ պ. Ս­թա­թիս ­Թաք­սի­տիս յայտ­նեց, որ իր ա­շա­կերտ­նե­րու ներշն­չու­մը խթան հան­դի­սա­ցաւ ներ­կայ հրա­տա­րա­կու­թեան հա­մար, որ յե­նո­ւած է անձ­նա­կան մի­ջոց­նե­րու վրայ։ Պ. ­Թաք­սի­տիս նշեց ­Հա­յոց եւ ­Պոն­տա­ցի յոյ­նե­րու զոյգ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ պէտք է ու­նե­նայ մէկ եւ վերջ­նա­կան նպա­տակ՝ ստի­պել ­Թուր­քիան ըն­դու­նիլ իր ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը ու եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հան­դէպ հա­տու­ցում­նե­րը։

Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վար ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան փա­կեց ե­լոյ­թը ա­ռա­ջար­կե­լով, որ յար­մար պի­տի ըլ­լար նոյն ներ­կա­յա­ցու­մը կա­տա­րել Ե­րե­ւա­նի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նին մէջ եւ պ. Խ­րիս­թո­ֆո­րի­տի­սի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ ձե­ռա­գիր բնա­գի­րը յանձ­նել թան­գա­րա­նին։

«ԱԶԱՏ ՕՐ»-ի

ԹՂԹԱԿԻՑ