Պաքուի Մէջ Դարձեալ Գիտաժողով Մը… «Հորիզոն»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խմբագրական

Պաքուի մէջ ահաւասիկ համագումար մը եւս: Այս մէկը, թէ՛ իր մակարդակով եւ թէ՛ նպատակով, չի կրնար մրցիլ Անթալիոյ գիտաժողովին հետ, սակայն ի վերջոյ միտք բանին նոյնն է:

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Պաքուի համալսարաններէն մէկուն մէջ կազմակերպուեցաւ «Հարաւային Կովկաս. Զարգացում եւ Գործակցութիւն» (“South Caucasus: Development and Cooperation” ) բնաբանով գիտաժողովը, մասնակցութեամբ Ալիեւի բռնատէր ղեկավարութեան քանի մը տասնեակ հլու կամակատարներու, աւելի պարզ բնորոշումով՝ վարձկաններու:

Նախքան Պաքուի նիստերը, հրաւիրեալները այցելցին Ֆիզուլի եւ Շուշի, մօտէն ծանօթանալու Հարաւային Կովկասի այս շրջանին:

Տարի մը առաջ ալ, Ապրիլին, կազմակերպուած էր առաջին գիտաժողովը. այս հանդիպումներուն մեկնարկը կը տրուի նախագահ Ալիեւի մէկ բանախօսութեամբ, ապա հրաւիրեալները հարց-պատասխանով կ՛ամբողջացնեն նախագահին ելոյթը:

Սրատես հետեւող պէտք չէ ըլլալ անպայման, զգալու, թէ հարցումներն ու պատասխանները կանխորոշուած էին ու սարքուած. փաստօրէն, հարցումներն ու պատասխանները ընթացան ներդաշնակութեամբ. բացայայտ էր որ խօսք առնողները կը կարդային իրենց տրուածները, յաւելեալ գոհունակութիւն պատճառելով եօթը միլիոնէ աւելի բնակչութիւն ունեցող երկրի բռնապետին: Անկախ իրենց փոխադրութեան ու կեցութեան ծախսերէն, հրաւիրեալները բնականաբար նուէր կը ստանան բաւական շօշափելի գումարներ, իրենց քարոզչական աշխատանքին առ ի գնահատանք: Հայաստանի իշխանաւորներուն պէտք է հարց տալ, թէ այդ նուէրները կարելի՞ է որակել… պարգեւավճար:

Տեղացի, թուրք, փաքիստանցի եւ այլ դրացիներու կողքին, յիշատակելի են Արեւմուտքէն ժամանած կարգ մը ատրպէյճանասէրներու ներկայութիւնը. անոնց կարգին էր Սթոքհոլմի մէջ գործող «Ապահովութեան եւ Բարգաւաճման Գործընթացի Հիմնարկ»-ի (Institute for Security and Development Policy) տնօրէնը՝ Սվանթէ Քորնէլ: Ան բազմիցս իր արտայայտութիւններով եղած է Պաքուի իրողական բանբերը, մինչեւ իսկ բողոքի ձայն բարձրացուցած է արեւմտեան լրատուամիջոցներու դէմ, չափազանցութիւն որակելով այն փաստերը, թէ մարդկային իրաւունքները չեն յարգուիր տէր եւ տիկին Ալիեւի ղեկավարած երկրին մէջ:

Եթէ Քորնէլ նիւթական շահու նպատակով կամաւորաբար ենթարկուած է ուղեղալուացքի, պարագան նոյնը չէ Արեւմուտքէն ժամանած միւս ներկայացուցիչներուն, որոնց մասնագիտութիւնն է հետապնդել սեւ ոսկիին խաղացած դերը՝ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ: Ուրեմն, երբեք զարմանալի չէ, որ անոնք ալ խանդավառօրէն կը թմբկահարեն Պաքուի թելադրանքներուն կշռոյթով:

Բրիտանացի Ճոն Ռապըրթս ուժանիւթի օգտագործման եւ ապահովման ոլորտի մասնագէտ մըն է, որուն համար քարիւղի հանքերը աւելի հետաքրքրական են, քան Արցախի հիմնահարցը: Ան լաւ գիտէ, թէ Անգլիոյ նաւերը չեն կրնար հայկական լեռները բարձրանալ, սակայն Պաքուէն տարածուող բոյրը մի՛շտ գինովցնող է…

Պելճիքացի Ամանտա Փօլ, որ ղեկավարն է Եւրոպական Քաղաքագիտութեան Կեդրոնին (European Policy Center), նմանապէս Պաքուի զինուորագրուած՝ վարձկան գումարտակին մաս կը կազմէ: Տիկին Փօլ հարցումէ աւելի հիացմունքի արտայայտութիւն ունեցաւ Շուշիի մասին: Ան կա՛մ մոռացկոտութենէ կը տառապի, կամ ալ քաջատեղեակ է որ ի՜նչ ողբերգութեան ենթարկուած է Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին, բայց գրպանը կը թելադրէ, որ ուրիշ կողմ նայի:

Միեւնոյն փաղանգին կը պատկանի ամերիկեան ծովուժի ակադեմականներէն Պրենտա Շաֆըր, որ ուժանիւթի ոլորտի մասնագէտ մըն է: Անոր համար ալ գերագոյն նպատակn է նիւթական շահ ապահովելը:

Այս բոլորը տեղի կ’ունենան պաշտօնական Երեւանի քթին մօտ (եթէ քիթ մնացած է), երբ ծանր պարտութիւն կրած ղեկավարութիւնը ամէն ճիգ կը թափէ երկրին ղեկը պահելու: Հոն ալ կոյր խաղացողներու փաղանգ մը կայ, տարուած՝ «առանց նախապայմաններու պիտի բանակցինք»ի խաբէութեամբ, կը նախընտրեն ուրիշ կողմ նայիլ, չտեսնելու որ քովի թշնամի երկրին մէջ ի՛նչ դաւադրութիւններ կը սարքուին: Բա՜յց… չաճապարենք մեղադրանքներ բաշխելու եւ հարց տանք. արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք տեղեա՞կ է պատահածին, թէ՞ կը պատրաստուի նոյն սիրայօժարութեամբ ընդառաջելու Պաքուի մէկ նոր հրաւէրին, նոր էջ մը բանալու գեղեցիկ գաղափարին ետեւէն վազելով: Չէ՞ որ նոյն վարքագիծը կը կիրարկուի Թուրքիոյ հետ…:

Թերացումները հետզհետէ կը դիզուին: Հայաստան ամէն օր քիչ մը աւելի կը մխրճուի վտանգաւոր տղմափոսին մէջ: Շատ բան կայ վերականգնելիք եւ վերակառուցելիք, մէյ մը որ այս վարչախումբը հեռանայ եւ հայը դուրս գայ թուրք-ազերիին առջեւ ծնրադիր աղերսողի եւ ինքզինք խաբելու վիճակէն: