Նշմար. Ցնծա՛ Եւ Հպարտացի՛ր, Ո՜վ Հայ (Ս. Մահսէրէճեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ցնծա՛,  հա՛յ ժողովուրդ, քանզի կ՛ապրիս պատմական, հպարտառիթ օրեր:

Ուրախացի՜ր, որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնը անգերազանցելի հայրենասիրութեամբ կրնկակոխ կը հետապնդէ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան շրջանի բացման ծրագիրները. ի՜նչ հոգ, որ թշնամական արարքները կը շարունակուին (դո՛ւն ալ կոյր ձեւացիր): Ինչո՞ւ չհրճուիլ, երբ իշխանութեան յառաջապահ շարքերը կը համալրուին (կրաւորական) նոր խաղաղասէրներով:

Բազում են հպարտութեան եւ ցնծութեան պատճառներդ: Եթէ բոլորը թուենք, այս սիւնակը բաւարար պիտի չըլլայ, ուրեմն մօտենանք ընտրովի:

* * *

Սկսելու համար: Տե՛ս, արտաքին գործոց նախարարը ինչպիսի՜ փայլուն ժպիտով բռնեց եւ թօթուեց ցեղասպաններու ժառանգորդ իր պաշտօնակիցին ձեռքը (եթէ քիչ մը մօտէն նայէր, արեան հեղեղներ պիտի տեսնէր հոն)` Անթալիայի մէջ «մուկերու ժողով»-ին առիթով, աւետեց, որ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնը «արդիւնաւոր է, անոր հետ խաղաղութիւն պիտի հաստատենք»: Անոր հեռատես աչքերը կը տեսնեն հասարակ մահկանացու հայուն չտեսածը, թէ` «շրջանի բոլոր երկիրները խաղաղութիւն կը ցանկան» (ի մտի ունի նաե՛ւ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը): Սա ա՛յն Թուրքիան է, որ հազիւ մէկ ու կէս տարի առաջ ջլապինդ օգնութեան հասաւ Ազրպէյճանին, «Պայրաքտար»-ներ եւ ահաբեկիչներ արձակեց Արցախը պաշտպանող մեր քաջամարտիկներուն դէմ, զինուորական խորհրդականներով գրաւեց ազերիական բանակի հրամանատարութիւնը, Կարսէն հեռավար ուղղորդեց հակահայ մարտերը… Սա այն Թուրքիան է, որ քանի մը ամիս առաջ Ազրպէյճանի հետ կնքեց «Շուշիի համաձայնագիր»-ը, բանիւ եւ գործով լծուած է Արցախի մնացեալ բաժինն ալ կուլ տալու «ճաշկերոյթ»-ին, Հայաստանին կը սպառնայ, որ` «Եթէ խաղաղութեամբ չհամաձայնիք Զանգեզուրի անցքը տալու, զայն ուժով կը խլենք», ինչպէս ըրաւ Արցախի 75 առ հարիւրը Ազրպէյճանի ձեռքով գրաւելու օրերուն: Սա նո՛յն Թուրքիան է, որ իր օրհնութիւնը տուած է Ազրպէյճանի նուաճողական ծրագիրներուն, որպէսզի ազերիական տիրապետութիւնը տարածուի մինչեւ Սեւան ու Երեւան (կատակ սեպէ Երեւանի մզկիթին հարցը), լաւագոյն պարագային` շուրջ 10-12 հազար քառ. քմ տարածութեամբ Հայաստան մը շնորհելու հայութեան, այն ալ` իրենց քաղաքական եւ տնտեսական «հովանոցին» տակ:

Ուրախացի՛ր, ո՜վ հայ, եւ տե՛ս, թէ ինչպիսի՜ կառուցողականութիւն ունի Թուրքիան, ա՛յն Թուրքիան, որ աւելի քան դար մը առաջ, իբրեւ պետական ծրագիր, իրագործեց Ցեղասպանութիւնը եւ հիմա բացայայտօրէն կ՛ըսէ Հայաստանին ու հայութեան, որ պէտք է` մոռնալ պատմական ոճիրը, մոռնալ հատուցման հարցը, մոռնալ Արցախն ու Նախիջեւանը, աչք փակել Սիւնիքի գրաւման ծրագիրին վրայ, «առանց նախապայմանի» բանակցութեան նստիլ եւ խաղաղութեան էջը բանալ: Ան Երեւանէն «դրական նշաններ» կը տեսնէ, որովհետեւ, ի շարս այլ «ձիթենիի ճիւղերու», վարչապետը կը յայտարարէ, որ Ցեղասպանութեան հետապնդումը Հայաստանի հարցը չէ, այլ` սփիւռքի (որուն երկփեղկման եւ պառակտման բացայայտ եւ քողարկեալ ծրագիրները օրէ օր նուաճումներ կ՛արձանագրեն):

* * *

Հպարտացի՛ր, ո՜վ հայ, քանզի վարչապետդ ժամանակ չունի մեկնաբանելու Արցախի վրայ ազերիական յարաճուն թշնամանքները` կրակոց, հրթիռարձակում, սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներուն գաղթի կոչեր, Արցախը կազով մատակարարող խողովակի պայթեցում (եւ նորոգութեան արգիլում), եւ մասամբ նորին, իսկ անոր մէկ սերտ լծակիցը` պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահը քաջաբար կը յայտարարէ, որ պէտք է քննութիւն բանալ եւ պատժել յանցաւորները, ստուգել, թէ ազերիակա՞ն, թէ՞ հայկական կողմէն եղած են յանցագործ խախտումները… Ազերիական «խաղաղասիրութեան» բազում փաստերու դիմաց, վարչապետը ունի լակոնական կեցուածք մը. «Չեմ նախընտրեր մեկնաբանել ազերիներու արարքները»:

Ուրախացի՛ր եւ հպա՛րտ զգա, ո՜վ հայ, որովհետեւ վարչապետը եւ գործակիցները ամէն օր իրենց ձեռքերը կը լուան, քիչ մը աւելի կը հականեխեն Արցախի «բեռ»-էն, արտաքին գործոց նախարարը վազքի հանած են խաղաղութեան համաձայնագիր մը մուրալու նա՛եւ Ազրպէյճանէն, որ մօտաւորապէս 10 ամիսէ ի վեր «խաղաղութեան բարիքները» բերած է Հայաստան` սահմանային տարածքներ եւ շնչերակ ճամբաներ գրաւելով, «Զանգեզուրը ուշ կամ կանուխ պիտի գրաւենք» սպառնալիքներով: Թող աչքերդ փայլի՜ն, հայորդի՛, որովհետեւ վարչապետը եւ իր խմբակիցները կ՛ընդունին, որ անվիճելիօրէն հայկական հողամասեր «ազերիական են», Արցախի հարցին լուծումը չեն տեսներ Ազրպէյճանի սահմաններէն դուրս, իրողապէս ոտնատակ կ՛ընեն եւ «զրոյական կէտ»-ի կը վերադարձնեն Մինսքի խումբին գործը` գործնապէս ըսելով, որ տխմար մանկամիտներ եւ քաղաքական տգէտներ էին բոլոր անոնք, որոնք շղթայազերծեցին արցախեան ազատամարտը, բիւր-բիւր արիներ նահատակ ինկան, Եռաբլուրը տարուէ տարի նոր տարածքներ գրաւեց, որպէսզի Արցախի հայկականութիւնը պահպանուի: Իսկ իբրեւ պատասխան` իր «մեկնաբանելէ ետ կանգնելու» իմաստո՜ւն եւ վեհանձն կեցուածքին, Ազրպէյճանէն նոր պահանջներու ցանկ մը հասած է Երեւան, ցանկ, որմէ պատառիկներ սպրդած են մամուլին, որովհետեւ նոյն վարչապետը կը շարունակէ ճակատաբաց եւ պնդագլուխ քալել գաղտնապահութեան ճամբէն, այնպէ՛ս` ինչպէս գաղտնաբար կնքեց 9 նոյեմբերի համաձայնագիրը, այնպէ՛ս` ինչպէս ազերիներուն կողմէ չգրաւուած հողեր նուիրեց իր չյայտարարուած «եղբօր»: Թող ցնծութիւնդ անխա՛ռն ըլլայ, ո՛վ հայ, որովհետեւ ունիս վարչապետ մը եւ գործակիցներ, որոնք գաղտնօրէն զիջումէ զիջում կ՛երթան, նոր նահանջներու կը տանին արիւնով ու պայքարով շահուած մեր հայրենիքը: Չէ՞ որ դուն էիր ասոնց «երկաթէ մանտաթ» տուողը…

* * *

Եթէ այս բոլորը գագաթնակէտէ գագաթնակէտ չեն բարձրացներ ցնծութիւնդ, ահա նաեւ ցնծութեան նո՛ր պատճառ մը: Կիրակի, 13 մարտին Հայաստան ունեցաւ նոր նախագահ մը, որ սահմանադրական երդում տուաւ եւ ստանձնեց իր պաշտօնը: Ան կը կրէ մեր դիւցազնական հերոսին` Վահագնի անունը, իսկ Խաչատրեան մականունը կը յիշեցնէ բազմաթիւ պայծառաճակատ հայեր: Ցնծա՜, ո՛վ հայ, քանզի նախագահական պալատ կը մտնէ մարդ մը, որուն աչքին Արցախի կամ Հայաստանի վրայ ազերիական յարձակումները, կրակոցները եւ թշնամական արարքները ո՛չ մէկ նշանակութիւն ունին. «Կը կրակեն, յետոյ ի՞նչ» է անոր «լրջախոհ» պատասխանը: Ան ալ միացած է «խաղաղութիւն հետապնդողներու» բանակին, չի սիրեր տրտմութիւն պատճառել թուրքին ու ազերիին: Սահմանադրութեան եւ եռագոյնին հաւատարմութիւն յայտնելէ առաջ ան անտարակոյս հաւատարմութիւն յայտնած է իշխանապետին, առանց որուն օրհնութեան` չէր կրնար նման պաշտօն երազել (քիչ մը քաղաքավար մնանք. ի վերջոյ մարդը նախագահ է. զայն չաւելցնենք «ուսապարկեր»-ու ցանկին):

* * *

Ցնծութեան օրեր կ՛ապրինք, հայե՛ր: Մեր գլուխները բարձր բռնած` հետեւինք իշխանութիւններուն խաղաղասիրական քայլարշաւին, եւ որո՞ւ հոգը, թէ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան, խաղաղութիւն ըսելով` կը փորձեն անշեղօրէն իրականացնել համաթուրանական ծրագիրները, մեր կրաւորական (չըսելու համար` անգործութիւն նախընտրող) դիւանագիտութեան դիմաց, հազար ու մէկ լարախաղացութեամբ, ծփալ աշխարհի ու մեր շրջանի փոթորկոտ ծովերուն վրայ: Մեր իշխանութիւններուն համար բացայայտ սկզբունք դարձած է անգլիական հետեւեալ խօսքը. «If you cannot beat them, join them», որ թարգմանի` «Եթէ հակառակորդներուդ չես կրնար յաղթել, միացի՛ր անոնց»: Խելամի՜տ, իմաստո՜ւն եւ փրկարա՛ր վարքագիծ, որուն… աղէտալի հետեւանքները չտեսնելու համար պէտք է կոյր ըլլալ աչքով եւ մտքով:

… Իսկ եթէ անգլիական խօսքին մէջ օտարամտութիւն տեսնող ըլլայ, կրնանք նաեւ ըսել քրիստոնէավայել կերպով. «Թշնամիդ սիրէ անձի՛դ պէս», «Մէկ երեսդ ապտակողին միւս երեսդ դարձո՛ւր», «Վերարկուդ ուզողին բոլո՛ր զգեստներդ տուր», եթէ այդ ալ քիչ սեպեն, տո՛ւնդ ու արտե՛րդ, հայրենի՛քդ տուր (եւ թող պապանձի՛ն բոլոր այն լեզուները, որոնք այս իշխանաւորներուն մէջ կը տեսնեն քրիստոնէութենէն շեղած աղանդաւորներ, այլասերածներ, ազգաթողներ եւ անհայրենիքներ):